Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/230

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գոնեանցի սաներուն, որոնք թիւով շատ էին: Զաւակ չունէր
ինք, բայց անոնց բոլորին համար հայրական սէր մը
կը տրոփէր իր կուրծքին տակը։ Երբ ես ալ իմ նորակազմ
ընտանիքովս Պէյրութ հաստատուեցայ, կիրակի օրերը
կերթայի Անթիլիաս, Ամանա մայրիկին եւ դոկտոր
Քրիչչեանին հետ անցընելու համար մեր ամբողջ օրը:

Առջինեկ զաւակիս՝ Անիին ծննդեան, տեսնելու բան
էր իր ուրախութիւնը.

— Ալ մեծ հայրիկ եղայ,— կըսէր:

Երբ Անին քալել սկսաւ, որպէս անոր մեծ—հայրը,
մեր ալեւոր ուսուցիչը, երախայի նման կը սիրէր խաղալ
աղջնակիս հետ:

Գեղեցիկ օր մըն ալ ներգաղթեցին ծերունազարդ
ամուսինները։ Մինչ այդ սակայն, Սիմոն Սիմոնեանի
ստիպումով, Դոկտոր Մելքոն Քրիչչեան գրեց իր յուշերը՝
իր մեծ ուսուցիչին՝ Կոմիտասի մասին։

«Խորտակուած Քնար, Ամար Կանթեղ», այս էր գիրքէն
անունը։ Գործը գնահատուեցաւ:

Երբ 1963-ին Հայաստան հասայ իբրեւ ուսանող, իմ
աւագ պարտականութիւնս եղաւ փնտռել—գտնել ուսուցիչս:
Դժուար չեղաւ ատիկա: Իրեն յատկացուցած էին գեղեցիկ
բնակարան մը՝ Քիեւեան պողոտային վրայ: Գտած էր իր
եղբօրը տղան, որ մէկ թեւը վրայ տուած էր հայրենական
պատերազմին:

Հայպետհրատը ընդունած էր վերատպել Կոմիտասի
մասին անոր հեղինակած ու Պէյրութ հրատարակած գիրքը:
Ուրախ էր։ Ուրախ էր մանաւանգ անոր համար, որ
վերադառնալէ ետք Հայաստան, գացած էր իր ծննդաավայրը,
Ցղնա, ու համտեսած էր, իր իսկ ձեռքով հոն,
տարիներ ու տարիներ առաջ տնկած ծառին պտուղները...

Դոկտ. Մելքոն Քրիշչեան շրջան մը եղած է Հանրապետական
Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ գերման մայրաքաղաքին
մէջ. բայց օր մը, կուսակցական ժողովի մը
ընթացքին, իր ընկերներուն ներկայութեան յայտարարած
է.