Չարենցի փողոցին վրայ կապրէր Կամսարը: Իմ
տունին պատուհանը միշտ բաց կըլլար դէպի Գետառ
գետակին անլսելի խոխոջը։ Մենք, արտասահմանէ եկած
հայեր, Կամսարական կը կոչէինք զինք: Շրջուն
աշխարհագրութիւն էր: Որ ծովուն մասին հարցնէիր, կը
ստուգաբանէր անունը, կու տար տարիքը, կարծես կնքահայրը
ինքն եղած ըլլար, ու կը հաշուէր անսխալ անուններոով, թե
քանի գետ ու գետակ կընդունէր իր մէջ: Եթէ յանկարծ
Կասպից ծով ըսէիր, պատմութիւն մը կը կապէր ծովին
անունին — Ղազուին - կը խօսէր Վոլկայէն, Աստրախանէն,
կըսէր, թէ ե՞րբ հայերը առաջին անգամ հաստատ