Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/236

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՌԱՖԱՅԷԼ ՓԱՐՍԱԴԱՆԵԱՆ


Պուլկարիոյ ծովահարս՝ Վառնա քաղաքին մէջ:
1961 թուականի ամառնային յետմիջօրէ մը: Օդին մէջ
Հայերէն բառեր:

Օտարութեան մէջ, երբ կը լսես Մեսրոպեան հնչիւնները,
կէսօրուան տապին կարծես զովասուն զեփիւռ
մը կը շոյէ քեզ։

Ուղղուեցայ դէպի «աղբիւրը լոյսին»: Երկու հոգի
էին: Մէկը՝ գէր, միւսը նիհար: Առաջինը երիտասարդ,
միւսր՝ աւելի քան միջին տարիքի:

— Հա՞յ էք, ներողութիւն,— հարցուցի:

— Որ լսում էիր մեր խօսակցութիւնը, պարզ է,
ուրեմն իմանում էիր որ հայեր ենք: Համմեցէք, ներուած
է:

— Ես ալ հայ եմ: Այստեղ եմ արձակուրդով: Երբ
ձեր խօսակցութիւնը լսեցի, կարծեցի վաղեմի երգ մը լսած
ըլլալ եւ ուրախացայ:

— Ուրեմն կարգին երաժշտասէր էք, որ մեզ էլ երգիչի
տեղ էք ընդունել։ Շատ յարմար ենք զուգերգի համար,
չկ՞: Արի՛ ծանօթանանք: