Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/240

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

չէք բաւարարուիր Ղարաբաղցիներով, հարցուցէք Վարպետին՝
Մարտիրոս Սարեանին, հոյակապ պատասխաններ
կը ստանաք։ Եթէ այդքանով ալ չէք բաւարարուիր, դիմեցէք
Պարոյր Սեւակին, պատկերը կը դառնայ լաւագոյնս
շրջանակուած ոսկեզօծ փայտով: Ալ ի՜՚նչ պէտք կայ
Սփիւռքի կարծիքին:

— Մերոնք աչառու են մօտենում Միկոյեանի հարցին:
Իբր Միկոյեանը չի զբաղւում Ղարաբաղի հարցով:
Բայց լուծել է Հայաստանի տնտեսութեան վերաբերող
շատ հարցեր, այդ էլ առանց շշուկի:

— Ուքրանացիներն ալ առանց շշուկի Օտեսայի շրջանի
հողային հարցը կրցան կարգագրել: Հապա մեր
Հայաստա՞նը...

— Մենք պարտաւոր ենք ողջմիտ լինել. կառուցել,
չէնցնել մեր երկիրը:

— Ո՛վ համաձայն չէ: Մեծ՜երը պէտք է ցոյց տան
ողջմտութիւն՝ թէ խօսքով, թէ՛ գործով:

Ռաֆայէլ Փարսադանեանը Միկոյեաններու փեսան
էր: Այսինքն ամուսնացան էր Մէկոյեանի ծաղկամշակութան
մասնագէտ եղբօր աղջիկին հետ: Այսպէս, Միկոյեան,
երեք եղբայրները Սանահինէն հասած են Մոսկուա, երեքն
ալ աշխարհի մայրաքաղաքը ընտրած են իրենց կեդրոն,
որպէսզի մէկը ցոյց տայ թէ հայը կրնայ բարձը ճարտարագէա
ըլլալ օդանաւաշինութեան գծով, իսկ երրորդը՝
որպէսզի ծաղկամշակութիւնը հասցնէ բարձը արուեստի...

— Թորոս ջան, արի ճիշդ խօսենք, Միկոյեանը լաւ
մարդ է:

— Դէմ չեմ: Մանաւանդ որպէս հին գուարդիայի
վերջին մոհիկանը։

— Սփիւռքում ի՞նչ են խօսում իր մասին:

— Կըսեն, աշխարհի ամենափոքր երկիրներէն մէկուն
զաւակը, աշխարհի ամենամեծ երկրին ղեկավարն է:

— Ապրես:

— Ապրի ինք՝ Անաստաս Միկոյեանը:

Ռաֆայէլ Փարսադանեանը չկայ հիմա։ Ափսոս,
ինչքան կանուխ մեկնեցաւ:

Համակ աշխուժութիւն էր, անսպառ եռանդ...