Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/241

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՊԱՏՐԻԿ ՍԵԼԵԱՆ


Ամերիկայէն Հայաստան ներգաղթած սակաւաթիւ
հայերէն մէկը: Ծագումով՝ կեսարացի, Գալուստ Կիւլպենկեանի
հայրենակիցը: Սակայն երբեք չմտածեց դրամի
մասին։ Դրամասիրական դրախտ Ամերիկայի մէջ, երազեց
բանուորական Հայաստանը: Հաւատք ունէր ոչ միայն իր
երկրին, այլեւ անոր որդեգրած գաղափարախօսութեան
հանդէպ. Այդպէս ալ ապրեցաւ: Այդպէս ալ մեռաւ:

Գործիչ էր ու խմբագիր: Մէկն էր Ամերիկահայ
Յառաջդիմական Միութեան հիմնադիրներէն: Նիւ Եորքի
մէջ կը խմբագրէր «Լրաբեր»ը: Կիպրոսէն ու Հալէպէն
քանի մը յօդուած զրկած եմ իրեն: