Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/242

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայաստանի մէջ ծանօթացանք։ Մարքսի փողոցին
վրայ կը բնակէր: Փոխայցելութիւններ կու տայինք իրարու:
Զաւակ չունէր։ Կու գային մեզի, ինք եւ տիկինը՝
սիրելու համար ձագուկներս։

Տէր եւ Տիկին Սելեանները խաղաղ ծերութիւն մը
կը բոլորէին։

Սկզբունքը իրեն համար ամէն բանէ վեր էր: Հայը
պակաս տեղ չէր գրաւեր իր սիրտին մէջ։

Հայաստան չեկած, Սփիւռքի մէջ, շարունակ Հայաստանի
մասին կը խօսէր ու կը գրէր։ Իսկ Հայաստանի
մէջ, սկսաւ Սփիւռքի մասին գրել։ Կը գրախօսէր Սփիւռքահայ
գրողներու գործերը։ Կաշխատէր Սփիւռքահայ
գրողները ծանօթացնել հայրենի գրողներուն:

Ինք հիւանդ էր: Կինը իր առողջութեամբ շատ կը
մտահոգուէր։ Բայց զարմանալին պատահեցաւ. կինը, որ
առողջ էր, մահացաւ իրմէ առաջ:

Կեսարիայէն՝ Հալէպ, Ամերիկա ու Երեւանդ
Պատրիկ Սելեանը Հայաստանով շնչեց ու ապրեցաւ ու հոն ալ
փակեց իր աչքերը։

Մեծ չէր իր գրական–հրապարակագրական կարողութիւնը:
Իր մէջ մեծը նուիրումն էր։

Անհաւատ Թովմաս մը չեղաւ։ Հայաստանը սիրեց
երբ երկիրը անօթի էր։ Ինք Հայաստան եկաւ երբ կուշտ
էր ինք:

Պատրիկ Սելեան եղաւ ներկայացուցիչներէն սերունդի
մը, որ այսօրուան վաթսունամեայ Հայաստանին
շքեղութիւնը կանխատեսեց երբ մանուկը խանձարուրի
մէջ էր տակաւին: