Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/243

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԵՐՈԻԱՆԴ ՔՈՉԱՐ


Հասակով կարճ բայց հեռուներէն տեսնուող մարդ
մը: Երբ կիջնէր Լենինեան պողոտայէն, գաւազանը ձեռքին,
ծխամորճը բերնին, կապոյտ աչքերուն մէջ երկինքներ,
կըսէի. «Կտոր մը Փարիզ կանցնի Երեւանէն»:

Առիթի մը կը սպասէի, որպէսզի ծանօթանայի այս
Թիֆլիսեցիին: Եկաւ այդ առիթը: Փարիզէն, իր ծխամորճին
համար, ընտիր, բուրումնաւէտ ծխախոտ բերի:
Իրեն յանձնեցի Լենինեան պողոտային վրայ: Յետոյ մերթ