Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/249

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կը քալես Երեւանի փողոցներէն, կը հանդիպիս ձեռնափայտը
ձեռքին, ծխամորճը բերնին, հանդարտ, Աբովեանն
ի վար իջնող մեծ արուեստագէտին ու կըսես մտովի.
«Մենք հպարտ ենք որ ժամանակակիցներն ենք նման
արւեստագէտներու»։

Չեմ պատկերացներ Երեւանը առանց Երուանդ Քոչարին,
առանց իր «Սասունցի Դաւիթ»ին, իր «Վարդան
Մամիկոնեան»ին:

Թող ձիաւորներդ դարե՜ր ապրին, Վարպե՛տ։ Դուն
մայր հողէն ոյժ առնելով, առաւել եւս հարստացուցիր մեր
սրբազան հողը։

Այսպէս Երուանդ Քոչարին խօսքերն ալ իր քանդակներուն
պէս յստակ են, ուժեղ, թեւաւոր։

Այդ գիրրքէն տասնեակ մը օրինակներ հասցուցի
իրեն։ 1976 թուականին դարձեալ Երեւան կը գտնուէի
տասն օրով: Գացի Մեծ արուեստագէտը գտնել իր արուեստանոցին
մէջ։ Նստած էր։ Բարեւեցի։

— Հա, ըսաւ, ո՛վ կը լինէք։

Պոռացի անունս։ Չհասկցաւ։ Դարձեալ պոռացի։
Ականջը խիստ ծանրացած էր աշխարհի աղմուկներէն։
Վերստին պոռալով ի վերջոյ կրցայ հասկցնել Վարպետին,
թէ ես, Վալտեմար Ժորժին, իր մասին գրած գիրքը հայերէնի
վերանալն եմ։

— Հասկացա՜յ, վայ դու բարով ես եկե՜լ, Թորո՜սն
ես, բարով ես եկե՜լ, նստիր, նստիր, ականջներս ծանրացել
են, բժիշկ ես չէ՞, մի ճար արա...

Դժուար էր խօսիլ հետը։ Դուրսէն մեր ձայնը լսողը
պիտի ըսէր թէ կռիւ կայ ներսը։

Ատիկա եղաւ մեր վերջին տեսակցութիւնը։

1980–ին չհասաւ Երուանդ որդի Սիմոնի Քոչարեանը,
յեղափոխական եւ յեղափոխող նկարիչը՝ ընկերը
Լեժէի եւ Թիւթիւնճեանի. ան, իր Երեւանը նախընտրեց
Փարիզէն, ուր, երեսնական թուականներուն, իր գործերը
կը ցուցադրուէին Փիքասոյի գործերուն կողքին։

Երկիրը՝ Մարդով։ Մարդը՝ Երկիրով։

Դարագնաց Հայաստանի մէջ Երուանդ Քոչարին
գործերը պիտի ապրին դարերով։