Jump to content

Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/25

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իրատես եղիր, Քոչարը այն մարդն է, որ ճանաչել է իր
յանցանքը, եւ այն էլ գրաւոր: Եւ յետոյ, ամաչի՛ր, արա՛,
Հրաչեայ Քոչարը գրել Է «Սպիտակ Գիրքը», «Նահապետը»,
որոնց ընթերցումը քո աչքերից Էլ Է արցունք խլել:
Ուրեմն յե՛տ դարձիր նամուսով, ու հետեւիր այս մեծ
հայի դագաղին...

Այդպէս էլ արեցի: Վերադարձայ, միացայ ծովի նման
ալիքուող բազմութեանը ու նորից տաշեղ դարձայ:

Այդպէս էր:

Երեւանի մէջ, Քչարին հետ, մենք գրեթէ դրացիներ
էինք: Մեր բնակարաններուն հեռաւորութիւնը հարիւր
մեթրի չէր հասներ: Յաճախ կերթայի իրենց տունը, առանց
ժամադրուելու ապաւինելով միշտ Սոֆիայի մեր
բարեկամութեան:

Երբեմն, իրենց տանին մէջ կը հանդիպէի Հայաստանի
գլխաւոր ղեկավարներուն՝ Լէոյի թորան — Նագաշ
Յարութիւնեանին, կամ կենտկոմի առաջին քարտուղար՝
Անտոն Քոչինեանին: Ի զուր չէր, որ ժողովուրդը ականջէ—ականջ
Հրաչեայ Քոչարը կը կոչէր Հայաստանի «Անթագ
թագաւոր»...

Բացուած դռնէն ներս մտնել չէի համարձակեր,
մինչ ան, դուռը բացող իր աղջիկէն հասկնալէ ետք թէ
ով է եկողը, կը վազէր դէպի դուռը եւ կըսէր.

— Արի, քեզ մատաղ, արի՛, մի՜ քաշուիր, մեր ղեկափարներն
են, արի անձամբ ծանօթացիր, խոմ, սրանք
թագաւոր չեն որ փախչում ես...

Երեւանի Լենինեան պողոտայի վրայ, ուր կը բնակէի,
արեւը դաճած կըլլար ծառերու կերպարանքները
մայթերուն: Երկու փոքրիկներուս ձեռքին բռնած, երբեմն
կը չափէի երկայնքը այս ծառուղիին, ձագուկներուս հետ
օր ցերեկով պահմտոցի խաղալով:

Այդ դիրքով, քանի՜ անգամ անգամ հանդիպած եմ Հրաչեայ
Քոչարին ևւ յանցաւորի դիրք ընդունած իր դիմաց, մինչ
ինք լայն ժպիտով մը յարած է.

— Ի՞նչ ես կանգնել, ոնց որ պատմուած աշակերտ,