Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/251

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

լահայերէն խօսիլ բայց բառերը կը շեշտէ արեւմտահայերէն,
իր գիտցածին պէս:

— Քոյր ճան, լաւ ենք, այստեղ մածունը դուռս
կու գայ, կաթը դուռս կու գայ:

— Ինչպէ՞ս կըլլայ,— կըսէ դրացին,— մեր դուռը
ոչ մածուն են բերում, ոչ էլ կաթ:

— Քուրս, չէ, որ դուք ասում էք դուռ ա գալիս...

— Հա, դուր ա գալի՜ս, հաւանո՜ւմ ես այսինքը...

Յակոբն ու Մինասը կը խնդային երբ ներս մտայ ես:

Մեր առաջին հանդիպումն էր եւ ատիկա եղաւ մտերմութեան
մը սկիզբը: Այնքան ուժեղ եւ բարձր էր տպաւորութիւնս,
որ կարծէք մտաւ ան երակներէս ներս եւ
մաս կազմեց արիւնիս շրջանառութեան: Օրերու ընթացքին,
ես իր մէջ տեսայ Հայաստանը՝ իր դարաւոր պատմութեամբ,
իր դարերու մաքառումներով, տեւելու, ըստեղծագործելու
վճռակամութեամբ:

Այնուհետեւ ես կը փնտռէի զինք ամէն տեղ եւ միչտ
ալ կը գտնէի: Մերթ տունը, մերթ Հենրիկ Իգիթեանի հետ,
մերթ Շահէն Խաչատուրեանի ու միշտ Յակոբ Յակոբեանի
մօտ: Երբ այս տղաքը կը հաւաքուէին արդէն հանրաճանաչ
դարձած Յակոբ Յակոբեանի բնակարանը, ու վերի
յարկէն բռշկուհի կնոջը հետ վար կիջնէր բանաստեղծութեան
պառնասն ի վեր ամէն օր բարձրացող Ռազմիկ Դաւոյեանը,
գիշերը կըլլար առաւօտ։ Ոչ մէկ դասախօսութեան
ընթացքին, ոչ մէկ մեծատաղանդ դասախօս չէր
կրնար վերլուծել այնքա՜ն շքեղօրէն , այնքա՜ն մարդկայնօրէն,
այն բազում նիւթերը, որոնք կը դառնային առանցքը
այդ տղոց անվախճան զրոյցներուն՝ նկարչութեան կամ
բանաստեղծութեան մասին, եւ մեր ժողովուրդին անցեալին
ու ապագային շուրջ.

Այդ ի՜նչ երեկոներ էին, Մինա՛ս սիրելի:

Հիմա, Սփիւռքի մէջ, կը զգամ առօրեայիս գորշութիւնը
եւ այն խոշոր պարապը, որ ստեղծուած է ինձմէ
ներս...

Առանց քեզի, Մինաս սիրելիս, հաւատա այնքան