Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/252

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

դժուար է ամէն ինչ ընկերներուդ համար, ինծի համար:
Երբ կայիր Երեւանի մէջ, ինծի կը թուէր թէ կրնայի
ամէն օր, ուզած պահուս, թռչիլ, գալ մօտդ ու խօսիլ ու
վերլուծել կեանքը արուեստներու, անհատնում գեղեցկութիւններու
այդ հանքը... Դուն որքա՜ն կուզէիր առաւել
եւս գեղեցկացնել աշխարհ Հայաստանը, ու Հայաստանով՝
աշխարհը:

Ու հիմա, չկա՜ս...

Բայց ո՛չ: Կաս դուն տուածներովդ: Քեզ կը գտնեմ
ամէն տեղ: Ոչ միայն մեր քաղաքամայրին, որուն
զարդն էիր, այլեւ Հալէպի մէջ: Կը դիտեմ, ամէն օր կը
դիտեմ տանս պատերկն ինծի նայող նկարներէն այն մէկը,
որ քուկդ է, դո՛ւն էս, ու կը խօսէմ հետդ: Հո՛ն, նկարիդ
մէջէն ինծի նայողը ճաճուռն է, գիւղդ հայրենի, վառ
գոյներդ են, արեանդ կարմիրն է, շիկացած հոգիդ,
լաւատեսութիւնդ է, որ կը ճառագէ ու կը լեցնէ տունս, կը
լեցնէ հոգիս...

Ինչ խօսր որ ես՝ նկարիչէն առաջ մարդը սիրեցի
քու մէջ:

Աւելի ետք, երբ մարդուն ընդմէջէն ծանօթացայ
նկարիչ Մինասին, ես անոր նկարներուն մէջ գտայ նոյն
Մինասը, իր անհատնում հուրով եւ կրակով, ինչպէս
այրուող այլ չսպառող մորենին...

Ահա՛ խաչուած Մինասը, ինք: Ծնողները Խաչեալին
ոտքերուն տակ: «Ես խաչուած եմ», կըսէ Մինաս, «Բայց
խաղաղութիւն ընդ ձեզ: Ձեր խաղաղութեան համար կը
խաչուիմ ես»:

Ահա՛ հաց թխող աղջիկները հայոց: Իրենք անմահական
հաց, կենսատո՜ւ կենսանորո՛դ: Հայ հոգիի հաց
յաւերժութեան:

Ահա՛ Ճաճուռը, բոցավառ Ճաճուռը, արեւային,
արեւախանծ, արեւահամ՝ Զարենցեան բացատրութեամբ:
Տուներ, ճառագո՛ղ տուներ, որը չեն երեւիր մարդիկ, բայց
լուսաւոր են... Բայց ո՞ր մէկ նկարիդ մասին խօսիլ, Մինա՛ս...