Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/254

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րիր, այդ մեր ժողովուրդն է։ Այսօրուայ օրը մենք շատ
սովորելիք ունենք Թորոս Ռոսլինից, Սարգիս Պիծակից...

Տուած գիրքդ, Մինաս սիրելի, տարագիրի տունիս
մէջ՝ շողշողուն ճրագ է, որուն շողերուն կը դառնամ շատ
յաճախ ուխտաւորի նման, հիացմունքով եւ երկիւղածութեամբ,
մերթ առանձինն եւ մերթ ալ բարեկամներուս
հետ:

Մինասը պէտք էր տեսնել ի՛ր արուեստանոցին մէջ:
Եռակի հաճոյը կր դիտել ու լսել Մինասը, երբ բնորդին
հետ կը զրուցէր վրձինը ձեռքին: Կարծէք նկարիչը մեծ
խորհուրդ մը կը քանդակէր դարերու համար:

Պէտք էր տեսնել Մինասը երբ կը խաղար իր տղուն
հետ. մանկացած ինքն ալ, երբ լուսամուտէն ներս ինկող
արեւի ճառագայթները կը բռնէր իր տղուն հետ, ու անոր
ժպիտին, հրճուանքին, խնդուքին տակ լոյսի լոգանք
կառնէր: Կամ երբ մանչուկը, հօրը նոր խաղալիքաւտոն
կը վարէր տունէն սենեակներուն մէջ, որպէս վարժ
վարորդ:

Ի՜նչ գիտնար աննման Մինասը որ չարաղէտ օր մը,
զոհ պիտի դառնար խելագար վարորդի մը, Երեւանի սիրտին
վրայ, երբ կը քալէր լուսաւոր մայթի մը վրայ...

Բա՞խտ, ճակատագի՞ր, դատակնի՞ք...

Ի՜նչ ըսես... Զո՞վ անիծես...

Առաջին անգամը չէր որ բախտը կը հարուածէր
Մինասը, այս մէկը սակայն անդարմանելի էր այլեւս...
Իսկ այն մի՞ւսը... Օր մը՝ Երեւանը արթնցաւ աղիտալի
լուրով մը. հրդեհ մը՝ հրոյ—ճարակ ըրեր է Մինասին աշխատանոցը,
տասնեակ ու տասնեակ պաստառներ լափլիղելով:

Բայց այն ատեն մէկ մխիթարանք ունէինք բոլորս
—մոխրացեր էին գործերը, բայց կար ինքը՝ Մինասը:
Ստեղծագործ մարդ–արուեստագէտը... Եւ Մինասը
վերստեղծագործեց կատաղօրէն:

1972-ին էր, տասն օրով Երեւան կը գտնուէի։ Հա–