Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/255

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րազատներուս քաղաքե էի։ Փնտռելու պէտք չկար հարազատներս:
Անոնք, տնպայման, նո՛յն հասցէին էին. եւ շիտակ
ուղղուեցայ Յակոբեաններու բնակարանը ու երբ
դրան զանգը զարկի, Մարին եղաւ դուռը բացողը, Յակոբին
կինը: Մարին կամացուկ յուշեց ինծի, թէ Մինասը
ներսն է, ու կարիք չկայ ակնարկելու հրդեհի մասին, քանի
ամէն արտասահմանէն եկող այդ մասին կը խօսի Մինասին,
անգամ մը եւս արիւնելով արուեստագէտին արդէն
չսպիացող ցաւը:

Ներս խուժեցի սովորականէն քիչ մը աւելի աղմկելով.

— Բարե՜ւ սիրելիներ, ամբողջ Հալէպը կողջունէ
ձեզ:

Ու վերսկսանք մեր անսպառ զրոյցը՝ կեանքի, արւեստի,
հայ մարդու եւ հայրենի հողի մասին:

Ամպ մը կար Մինասի ճակատին: Լուսաւոր ճակատին
վրայ։ Բայց ես նկատեցի անոր նայուածքին խորը
ստեղծագործական ճառագայթը, որ վերսկսեր էր շողալ
հին օրեր ու փայլով եւ նոր հուրով ու կրակով:

Յաճախ, ակամայ մտածեր եմ Պարոյր Սեւակի եւ
Մինաս Աւետիսեանի ճակատագիրներուն յարակցութեան
մասին:

ՄԷկը՝ նոր որակ բերաւ մեր քերթողութեան, միւսը՝
նոր որակի հասցուց մեր նկարչութիւնը:

Երկուքն ալ ապրեցան այրելո՜վ, այրումո՛վ:

Երբ մահացաւ Պարոյր Սեւակ, քառասունեօթ տարեկան
էր միայն:

Երբ մահացաւ Մինաս Աւէտիսեան, քառասունեօթ
տարեկան էր նաեւ ինք:

Եւ ո՜վ հեգնանք, Պարոյրը մահացաւ աւտովթարով:

Մինաս Աւետիսեանն ալ՝ նոյն վթարով։

Ժամանակին ծնած էին, որ լուսաւորեն մեր երկիրը:

Ի՜նչ բախտաւորութիւն, որ ես արաբական անապատի
կտուցին ծնած տղայ, հասայ ձեր լոյսին եւ ըմպեցի
զայն, ո՜վ լուսէ տղաք։