Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/256

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ


Վարպետին տունը երթալ եկեղեցի երթալու պէս
բան մըն էր, մէկ տարբերութեամբ սակայն. եկեղեցիին
մէջ պէտք է հաւատալ անտեսանելիին, այստեղ, պիտի
հաւատաս տեսանելիին, տեսածիդ:

Վարպետին տունը գացինք ընտանիքով։ Գացինք
զինուած։ Այսինքն, մեր հետ վերցուցինք լուսանկարչական
գործիք եւ ձայնագիր ժապաւէն, թէ՛ նկարելու եւ թէ՛
ձայնագրելու համար վարպետը։