Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/260

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ցուցահանդէս մը կար: Առաջին անգամ կը գտնուէի այս
երկրին մէջ եւ տեսակ մը վախով կը նայէի շքեղ ցուցափեղկերուն,
ալ ո՞ւր մնաց ներս մտնէի: Շքեղ խանութներէն
ներս մտնելու քաջութիւնը երբեմն կու գայ թելադրանքէն
այլապէս շքեղ գրպաններու: Ուսանող էի: Ուրեմն
գրպանիս դրամը համրուած էր: Ունեցածովս, միայն վեց
օր կրնայի մնալ Լոնտոն: Այսինքն այն երկրին մէջ, որուն
համար, Հալէպի նախակրթարաններու մեր սեղաններուն
վրայ կըսէին.

— Արեւը երբեք մայր չի մտներ Անգլիական կայսրութեան
վրայ:

Հիմա, մայր մտած էր կայսրութեան արեւը, բայց
տակաւին շքեղ կը մնային Լոնտոնի ցուցափեղկերը:

Ուրեմն կեցած էի ցուցափեղկին առջեւ եւ կը գիտէի
նկարները երբ ակնոցաւոր մարդ մը.

— Հրամմեցէք, — ըսաւ, — օտարական կերեւիք,
հրամմեցէք ներս, կերեւի թէ կը սիրէր նկարչութիւնը.
ցուցահանդէս ունինք, հրամմեցէք:

Մարդուն ժպիտն ու ձայնը քաջալերական էին:
Մտայ ներս։

— Արեւելքցի՞ էր:

— Այո՛, ինչպէ՞ս գիտցաք:

— Ենթադրեցի։ Ո՞ր երկրէն:

— Հայաստանէն։

— Հա՜, Հայաստանէն: Դուք մեծ նկարիչ մը ունիք
ձեր երկրին մէջ, Մարտիրոս Սարեանը: Դուք զինք Վարպետ
կը կոչէք: Անշուշտ լաւ նկարիչ է Սարեանը, սքանչելի
գործեր ունի... Եկէք, եկէք ցոյց տամ, մենք ալ նկար մը
ունինք Սարեանէն: Շատ ուզեցինք Հայաստանի նկարիչներու
ցուցահանդէսը կազմակերպել այստեղ, ա՛յս ցուցասրահին
մէջ, բայց տակաւին չկրցանք համաձայնիլ Մոսկուայի
հետ: Ամէն ինչ Մոսկուայէն կախեալ է:

Արիւնը գլուխս խուժեց:

— Բայց, պարոն, ներեցէք, երբ մեր երկրին ամբողջ
բախտը կախեալ էր Անգլիական Կայսրութենէն, երբ
Թուրքը մեզ կր ջարդէր եւ մեր կազմակերպութիւնները
ձեզի կր դիմէին, այսինքն ձեր կառավարութեան, մեր