Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/261

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

աղաչանքին դէմ դուք կը պատասխանէիք՝ «Անգլիական
մարտանաւերը չեն կրնար բտրձրանալ Արարատի գագաթը»:

Երբ Իզմիրի առջեւ անգլիական նաւերը կանգնած
էին, ոչ չատ հեռու անցեալին, 1922–ին, եւ քաղաքին մէջ
ջարդուող հայերը ծովափ վազեցին հրդեհներէ փրկուելու
համար, ու փորձեցին բարձրանալ ձեր նաւերը, նաւապետին
հրահանգին վրայ, տաք ջուր թափեցիք մեր ժողովուրդի
գլխուն, ու հազարաւոր հայեր ծովամոյն կորսուեցան:

Ձեր ուզածը ցուցահանդէս մըն է։ Մեր ուզածը
կեանքն էր: Ձեր ուզածը եթէ չէք կրցած յաջողցնել այսօր,
վաղը կը դառնայ կարելի: Մեր զոհերը անկարելի է որ ետ
դառնան:

— Շատ հետաքրքրական մարդ կերեւիք, համեցէք
սուրճ մը առէք: Ես այդ եղածներուն համար ներողութիւն
կը խնդրեմ:

— Սուրճը կընդունիմ, ազնիւ պարոն, շնորհակալութիւն,
բայց եղածներուն համար ներելու հարցը երբե՛ք
ինձմէ կախում չունի:

Վերադարձիս, այս ամբողջ պատմութիւնը պատմեցի
Վարպետին: Լսեց, օրօրեց գլուխը եւ ըսաւ.

— Անգլիացին ոչինչ չի փոխի իր մտածելակերպից:
Իսկ ինչ էր ինձանից իր ունեցածը:

— Հայաստանի բնութիւնը: 1962–ի գործ:

— Նոր գործ Է: Մէկն ու մէկը տարել վաճառել է,
երեւի հայրենասիրաբար, որ Լոնտոնում էլ տեսնեն Սարեանը,
Հայաստանը:

Փարիզի մէջ կապրէր գորգի նորոգութեամբ զբաղող
հայ մը, Հայկ Աղաբեկեան անունով: Մոլեռանդ հայ
էր: Ուր որ հանդիպէր հայ նկտրիչի մը վրձինի աշխատանքին,
կը գնէր, կը տանէր տունը: Կինը թէ՝

— Հայկ, ասոր վերջը ո՞ւր պիտի հասնի:

Հայկը թէ՝

— Վեջէն լաւ տեղ մը: Ասոնք կը մնան: Մեզ հողով
պիտի ծածկեն, կնի՛կ, այդ ալ օտա՛ր հողով։

Ու կու լար Հայկ: