Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/262

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հարիւրաւոր օֆորտներ ունէր էտկար Շահինէն:
Ուր որ աճուրդ մը տեսնէր եւ հոն՝ Շահինի գործերը, կը
մասնակցէր աճուրդին, ու թելին տակ դնելով գործը
ուրախ–զուարթ կու գար տուն:

— Հա՜յկ...

— Հասկցանք: Ասոր էտկար Շահին կըսեն, հայ
նկարիչ է, հա՛յ, շուներու ձեռքէն հայ մըն ալ ազատագրեցինք,
հայու գործ մը...

Հայկը օր մը զիս ճաշի հրաւիրեց։ Շրջիցայ իր տունին
բոլոր սենեակները: Ի՜նչ տեսնեմ: Շատ մը հայ նկարիչներու
կողրին 1927 թուականը կրող Սարեանին մէկ
կտաւը: Սարեանը Փարիզ գտնուած միջոցին, երազած է
հայրենի երկիրը ու կարօտով նկարած է դէպի ջուր վազող
եզներ...

— Հայկ, ըսի,— այս նկարին տեղը Հայաստանն է:

Վարպետին տունը:

— Նայինք,— ըսաւ:

Հայկին այդ «նայինք»ը տեւեց երեք տարի: Երեք
տարուան մէջ ես Փարիզ գացի վեց անգամ, այսինքն ամէն
արձակուրդի: Եւ առիթը գտայ վաթսունվեց անգամ Հայկին
գլուխը մրճահարելու նոյն իւօսքերով.

— Հա՛յկ, այս նկարին տեղը Հայաստանն է...

Վերջին անգամ, երբ իրենց տունն էինք ու կրկնեցի
պահանջքս, Հայկը, պատէն վար առաւ Սարեանը, նկարին
փոշիները զգուշութեամբ մաքրեց, փաթթեց ստուարաթուղթով
ու յանձնեց ինծի: Հայկին տչքերուն մէջ արցունք
կար.

— Կտոր մը հայրենիք ունէի, Թորոս, տանս մէջ,
այդ ալ ի վերջոյ առած կը տանիս։

— Հոգ մի՛ ըներ, տանողը կը բերէ նոյնպէս:

Տարի Երեւան: Յանձնեց ի վարպետին: Ներկայ էր
նաեւ Սարեան թանգարանի տնօրէն Շահէն Խաչատուրեանը:
Ու պատմեցի, նոր պատմեցի պատմութիւնը, թէ
ինչպէս երեք տարի, առանց յուսահատելու, ամէն արձակուրդի,
Հայկին մօտ գացած էի եւ ի վերջոյ յաջողած էի
զայն համոզել։ Պատմեցի մանաւանդ, թէ ինչպէս նկարը
յանձնելէ ետք Հայկը յուզուած եւ ըսած էր ինծի.