Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/268

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պարտիզպաններէն մէկն էր Ռաֆայէլ Արամեան, չթամբուած
նժոյգներու յախուռն թռիչքով, բայց խոհուն ու
խոհական, թելադրող, առաջնորդող:

Մարդ Էր, մարդ բառին ամենէն լա՛յն իմաստովը։
Կուզէր հասնիլ բոլորին: Հիւանդին, առողջին: Հետամուտ
էր գտնելու տաղանդաւոր նորեր: Շունչ կը վատնէր
խմբագրատունէ խմբագրատուն: Կը կարդար մեր ամբողջ
մամուլը։ Կընէր իր թելադրութիւները։ Ու եթէ հաւնէր
որեւէ յօդուած, բանաստեղծութիւն, պատմուածը, նկար
կամ քանդակ, երկու թեւերը օդին մէջ պարզած, աչքերը
լայնօրէն բանալով, լիաբերան կը յայտարարէր.

— Արա՜, շշմելու բան ա՜, հոյակապ ա՜...

Տեսած էր Վարպետին, Մարտիրոս Սարեանին
վերջին ինքնանկարը, ու կը յայտարարէր բոլորին, ամէն
տեղ.

— Վարպետը ստեղծագործելու է մինչեւ իր կեանքի
վերջին րոպէն: Նա, անգամ օր ծերութեան, երիտազարդ
է։ Մի տեսէք նրա վերջին ինքնանկարը, շշմելու
բան ա՜, արա, բան եմ ասում է՜, հոյակապ ա՜, գնացէք
տեսէք։ Սարեանի նկարը չի՛, մեր երկրի նկարն ա, դէմքի
կնճիռները, գլուխը, աչքերը... շշմելիք ա։

Նկարչութեամբ ալ զբաղած՜ է շրջան մը, այս Վաղարշապատղին:
Ատով կարելի էր բացատրել իր մօտիկութիւնը
մեր նկարիչներուն, ու յատկապէս Սարեանին
հետ, որուն մտերիմն էր, այն բան որ անոր հարազատ զաւակը
ըլլար կարծէք։

Յաճախ կը կրկնէր թէ ինք Վաղարշապատցի է։

Ս. էջմիածինը կը սիրէր։ Հոգի կու տար մեր լարականներուն
համար։ Բայց կուզէր որ էջմիածին մնար
միայն վանքին անունը եւ քաղաքը կոչուէր Վաղարշապատ,
քանի որ այս անունին կապուած՜ էր մեր սրբութիւններու
սրբազնագոյնը՝ Հայ Գիրերու Գիւտը:

Ու բառ ընդ մէջ կը բացագանչէր.

— Արա, էս ըլլալո՞ւ բան ա։ Օրինակ, ո՞նց ընդունենք
էսպիսի մի բան, էջմիածնի կովերը, էջմիածնի
ախոռները, էջմիածնի կոլխոզները...