Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/276

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Կատակս ո՞րն ա, ախպէրս, համ էլ նրա մայրն
ու քոյրը ապրում են ձեր այս շէնքի հայաթում։

— Ըսել կուզէս Աղբալեանի կինն ու աղջի՞կը։

— Արա, պարզ Հայերէն եմ խօսում։

— Եկէք,— ըսի,— ուրեմն միասին երթանք
տիկին Աղբալեանին մօտ: Կուզեմ ծանօթանալ: Այ Ռաֆիկ,
այսքան տարի կու գայիր ու կերթայիր մեզի եւ ոչ
մէկ անգամ ըսած ես, թէ Աղբալյանները մեզի դրացի են:

Այն դռնէն, ուրկէ դուրս ելած էի, ետ մտանք, քանի
մը աստիճան իջանք վար ու ելանք մեր շէնքին բակը: Բակ
մը, ուր մանուկներու աշխարհ մը կար: Մեր վաղուան նոր
սերունդը, որ, ո՜վ գիտէ, ի՜նչ հրաշքներ պիտի գործէ...

Աղբալեաններուն բնակարանը նեղլիկ տուն մըն էր՝
հին, թէեւ ամուր կառոյց մը, միայարկ, մեր շէնքին բակին
մէջ:

Ծանօթացանք։ Ես րոպէ մը ներողութիւն խնդրելով,
ելայ մեր տանը, ձայնագիր ժապաւէնը բերելու, որպէսզի
կարենամ արձանագրել մեր խոսակցութիւնը։

Պէյրութի մէջ պատանեկան օրերուս, կը յիշեմ,
1944–ին, լսած էի Նիկոլ Աղբալեանի մէկ դասախօսութիւնը
Սայեաթ Նովայի մասին։ Այդքան։ Ու մէկ ալ մամուլէն
իմացայ թէ Աղբալեան վախճանած է 1947 թուականին,
Շթորայի իր բնակարանին մէջ...

Աւելի քան երկու ժամ տեւեց մեր զրոյցը տիկին
Աղբալեանին ու իր թաւջութակահարուհի աղջիկին հետ։

Սպիտա՜կ, սպիտակ մազերով մայրիկ մըն էր դիմացս
նստողը, նո՜ւրբ դիմագիծերով, կարծէք չէր ծերացած։

Անզգոյշ հարցում մը ըրի, մինչ ժապաւէնը կը ձայնագրէր.

— Տիկի՛ն Աղբալեան, արդեօք չունեցանք ձեր
կեանքին մէջ պահ մը, չցաւեցա՞ք երբեք որ ձեր կեանքը
կապած էք Նիկոլի նման մարդու մը հետ։

— Ախր, երիտասա՛րդ, այդ ի՛նչ հարց էր, որ տուեցիր:
Միթէ կարելի՞ է սուրբ մարդու մասին, ազգին,