Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/286

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներուն կողքին՝ պիտի խորաչափէր մեր սխալները այլ
նաեւ ու մանաւանդ, չկրկնէր զանոնք:

Հայրենիքը ծաղկող իրականութիւն է: Դուն այդ
հայրենիքին մէկ զինուորն էիր, կուսակցական զինուորը։
Տասնամեակի մը տեւողութիւնը ընդգրկող մեր բարեկամութեան
ընթացքին ես քեզմէ չեմ լսած նոյնիսկ մէկ խօսք
ուրկէ բացակայէր զինուոր գրողը, մէկ խօսք, ուր տիրապետողը
լրջութիւնը չըլլար:

Դուն սասունցի էիր։ Հայաստան ծնաճ սասունցի:
Քու մէջդ խօսողը հայն էր, սասունցին էր, մարդն էր,
ու մանաւանդ պետական ժողովուրդի զաւակ մարդն Էր։

Դուն, Մուշեղ սիրելի, նոր հայն Էիր, հայաստանցի
Հայուն տիպարը, որ գիտէ թէ ինչո՛ւ կապրի, ի՛նչ կը գրէ
ու ի՛նչ կը խօսի։

Դուն ու Հայաստանը երկուորեակներ էիք անբաժանելի։
Դուն, երակներուդ մէջ Գալշոյենց արիւնը դիւցազնական,
եւ ուղեղիդ մէջ տեսիլքը վաղուան Հայաստանին,
ստեղծագործեցիր մայր հողին վրայ, ամբողջ հայութեան
համար։ Դո՛ւն, ինչպէս մեր հողը, կը պատկանիս ամբողջ
Հայութեան։

Դուն, մէկ ակունք ունեցար իբրեւ աղբիւր դպրութեան,
ու այդ ակունքը անկոտրում հաւատքդ էր վասն
հայուն այսօրէն ծելիք վաղուան, որ պիտի գայ գումարեն
մեր հազարամեակներու գուպարներուն, լարումներուն,
սխրանքներուն:

Դուն կրակով ինկար, անմար կրակ:

Ահա թէ ինչ ու մեր վերջին հանդիպումին, երբ ճամբու
կը դնէիր զիս, կոմիտասեան պողոտան ի վար, Օգոստոսեան
այն լուսցող առաւօտուն, ըսիր.

— Թորոս, ասա ուր որ գնաս, ո՛ւր որ լինես, թող
լաւ իմանան, հայ Սփիւռքի կեանքը պիտի լինի կռունկների
երամի թռիչքի նման եռանկիւն եւ սրածայր, այսինքն
նպատակասլաց ու խմբական։ Վա՜յ երամէն բաժնուող
կռունկին... Վա՜յ...

Հալէպ, 23 Հոկտ. 1980