Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/288

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ապրելու իրաւունք ունէր, ու մէկ մեծութիւն տուողը կրնալ տալ նաեւ
ուրիշ մեծութիւններ։ Այդպէս գրած է ան իր «Ազատն Կոմիտաս»ին մէջ։
Եթէ բազումներու մէջէն, ես պարտք կը զգայի յիշատակելու
այստեղ՝ Քառասունեւմէկ անուն միայն, չեմ անգիտանար բնաւ թէ
անոնք, անխտիր, բոլորն ալ չեղան անպայման մեծութիւն եւ մեծագործ,
սակայն համոզուած եմ, թէ անոնք բոլորն ալ, անխտիր, տուին
աներկբայօրէն իրենց ամբողջ ունեցածը՝ վասն քո՛ւ մեծութեանդ եւ
քո՛ւ մեծագործութիւններուդ, երկի՛ր իմ Հայաստան։
Ու մենք, այսօր բաժակ բարձրացնելով Վաթսունամեայ Հայաստանին
կենաքը իրաւունք ունինք գոչելու՝
— Կենա՛ցդ, Հայաստա՜ն, աշխա՛րն մեծութիւններու եւ
մեծգործութիւններու, երէկ, այսօր եւ յաւիտեան...
Երկի՛ր, դուն առաջ կը վախնայիր սմբակէ, կը վախնայիր կեռ
եաթաղանէ. իսկ այսօ՞ր, այնքան մեծ ես, Երկի՛ր, որ վախ չունիս դուն
ոչ ոքէ։ Այլ վախ կը ներշնչես բոլոր անոնց, որոնք նկրտումներ ունին
սեպհականացնելու անցեալդ ու ներկադ, Ուրարտուդ պանծալի եւ
խորհրդայնացումդ օրհնեալ։
Այսօր, հո՜ղ հայրենի, հո՜ղ հարազատ, ձայնիս մէջ ձայները այս
Քառասուն եւ Մէկին եւ նաեւ բազում այն միւսներուն, որոնց մասին
չգրեցի այստեղ, ի լուր աշխարհի այս ծայրամասէն՝ աշխարհի բոլոր
ծայրամասերուն, թոյլ տուր աղաղակել՝
— Ողջո՜յն Վաթսունամեակիդ եւ ողջո՜յն գալիք կանաչազարդ
բոլոր գարուններուդ, հազարամեայ ի՛մ Հայաստան։
Սեղան նստիս դուն հինգ միլիոնով եւ տակաւին բազմապատկուած
տասով ու հարիւրով։ Ու սեղանիդ կանչես միլիոն-միլիոն բարեկամ,
իմ մէ՛կ հատիկ, եւ՝
                 Հիւսիսային կողմն աշխարհի,
                 Հարաւային կողմն աշխարհի,
                 Արեւելեան կողմն աշխարհի,
                 Արեւմտեան կողմն աշխարհի,
            Քեզի՛ համար ու բոլորին, ըլլա՛յ խաղաղութիւն։