Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/289

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ


Ընթերցո՜ղ, այս գիրքը գրելու ժամանակ, ես, Թորոս որդի
Խաչերի Թորանեաե, միտքով թռայ դէպի մեր հեռաւոր անցեալը,
ճեղքեցի դարերու հոծ տարածութիւնը ու անցնելով Ուրարտուէն անդին,
մտածեցի մեր այն նախահայրերուն մասին, որոնք արբենալով կեանքի
գեղեցկութիւններով, բան մը կտակեցին գալոց սերունդներուն, բայց
չունենալով ոչ գիր ու ոչ մագաղաթ, գարնան հետ՝ կանանչ, ձմրան
թօշնեցսւն...
Մտածեցի իրերայաջորդ սերունդներու մասին, որոնք, երբեմն
ապառաժը ըրին գիրք ու սրածայր երկաթը գրիչ, ու քանդակեցին իրենց
մտածումները որպէս եղնիկ եւ եղջերու...
Մտածեցի տակաւին, մեր Ուրարտացի հայրերուն մասին, որ
գտան ու գործածեցին բեւեռագիրը, ըսելու համար մեզի, թէ իրենք եղան
աշխարհաշէն ու կառուցին քաղաքներ։
Մտածեցի Մեսրոպի մասին։ Բոլոր ժամանակներու Մեծագոյն
Հայուն մասին, որ զինեց մեզ Այբուբենով ու դարձուց մեզ յաւերժութիւն։
Մտածեցի նաեւ Մեսրոպի յետնորդներուն մասին։
Քանինե՜ր, քանիներ անոնցմէ, մոմի մը լոյսին տակ, քարայրի
մը խոնաւութեան մէջ, ջարդարարի եաթաղանին դարձան կեր։
Ու հիմա, պարզ գրիչ մը ես, Թորոս որդի Խաչերի Թորանեան,
տարատունկ ծառ, ինկած Հալէպ, բայց Մեսրոպի գիրերուն լոյսով՝ իմ
երախտիքի խօսքս կուղղեմ Հայրենիքիս հազարամեայ, անոր Վաթսունամեակին
առիթով։
Ձեռքերս ցուրտէն չեն դողար, ճրագի մը լոյսին տակ չէ որ կը
գրեմ, քարայրի մը խոնաւութեան մէջ չեմ, չունիմ վախը գաղտնի մը
յարձակումին, թուրքին եաթաղանը չի բարձրանար գլխուս, ընդհակառակը,
Արաբին ժպիտը կայ ինծի ընկերացող երբ կը գրեմ այս էջերը...
Այս գիրքը գրած օրերուս հանգիստ չէր աշխարհը։ Կռիւներ կային
բոլոր ցամաքամասերուն վրայ։