Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/30

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սիրելի՛ Քոչար, չեմ մոռնար որ օր մը, երբ կը
խօսէինք մեր երկրի հեռանկարներուն մասին, վաղուան
մասին, ըսիր.

— Հաւատում եմ մեր գաղափարականի անյաղթահարելի
ուժին: Ես հայ կոմունիստ եմ: Եթէ մի րոպէ անգամ
կասկածեմ, որ կոմունիզմը օգտակար չի լինելու, իմ
ժողովուրդին, նոյն րոպէին կը հրաժարուեմ կուսակցութեան
չարքերից:

Որքան սիրեցի քեզ այդ օրը, ինչպէս նաեւ հաւատքդ:

Սիրելի Քոչար, ողջութեանդ քանի՜ անգամ ինծի
ըսած ես.

— Տեսնեմ Հայաստանը ԵՐԵՔ միլիոնանոց երկիր,
ու նոր մեռնեմ:

Հանճարեղ Թամանեանն ալ Երեւանը նախագծած էր
երկու հարիւր հազար հոգիի համար: Քանի մը տասնամեակ
ու ահա Երեւանը արդէն աւելի է քան միլիոնանոց
քաղաքը:

Քու նախատեսութիւնդ ալ շուտ եկաւ: Հայաստանը
արդէն կը դիմէ դէպի չորս միլիոնը: Ինչ ափսոս , որ սիրտդ
դաւաճաներ, ու չկրցար ողջունել մեր երկրի երեք
միլիոներորդ քաղաքացին:

Ես կասկած չունիմ, որ քու ծննդեանդ 90–ամեակի
օրերուն, Հայաստանը դարձած կըլլայ հինգ միլիոննոց
երկիր եւ քու Ալաշկերտդ, սիրելի, կը մօտենայ
մեզի այնքան արագութեամբ որքան կաճի մեր ժողովուրդը
թիւով ու զօրութեամբ:

Այո, մեզի հետ պիտի ըլլաս ու մնաս նոյնիսկ, երբ
հասնինք հինգ միլիոնի, երբ ըլլանք տասը միլիոն եւ տակաւին
քսան միլիոն ու աւելի: Դուն՝ Ալաշկերտի Ղումլու
Պուճախ գիւղին մւջ ծնած տարօնցի Հրաչեայ Քոչար
Գաբրիէլեան...