Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/32

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Լիաթոք կը շնչէի մեր լեռնային օդը եւ նոր կօշիկ ստացած
երախայի նման ինքնավստահ կը չափէի փողոցները Երեւանի:

Կը փնտռէի հին ծանօթներ, դասընկերներ, բարեկամներ:

Շուտով հանդիպեցայ Մարոյ Մարգարեանին: Նախքան
Հայաստան գալս, ինչպէս Հրաչեայ Քոչարին, Մարոյին
ալ հանդիպած էի Սոֆիայի մէջ, ուր եկած էր ան
որպէս զբօսաշրջիկ՝ իր թարգմանիչ աղջիկին՝ Անահիտին
հետ։

Մարոյին հետ, Սոֆիայի մէջ խօսած էինք շատ մը
սկզբունքային հարցերու: Կը յիշեմ, քիչ մը ուռուցիկ
էին իմ խօսքերս, աւելի ճիշդը կեանքէն ծնելու փոխարէն,
ընթերցումներէ ծնած ըլլալով, թթուածինի
պակաս ունէինք գուցէ դեր յագեցած էին թթուածինով,
ինչ որ նոյն արդիւնքին կրնար յանգեցնել զիս։

Մարոն մեղմ ժպիտով մտիկ կընէր ու կըսէր.

— Երիտասարդ, լաւ կը լինիդ վեր կենաս գաս հայրենիք,
ապրես մեզ հետ ու նոր դասախօսութիւններ կարդաս
մեր գլխին:

Ահա Մարոյ Մարգարեանը, այս անգամ Երեւանի
մէջ, մեր առաջին իսկ հանդիպումին կառաջարկէ ինծի
երթալ տեսնել Վահրամ Ալազանը:

Բանաստեղծուհիին խօսեցայ առաջին օրերու հայրենական
ապրումներուս մասին ու հարց տուի.

— Արդեօք Վահրամ Ալազանն ալ Վանէն Երելան
գալով նոյն իմ ապրումներս ունեցա՞ծ է իր պատանի տարիքին:

— Գուցէ, միայն այն տարբերութեամբ, որ այդ
ժամանակ ջարդ կար ու սով: Հայաստանը աւերուած էր:
Բայց Ալազանը հաւատաց իր ժողովրդի յաջողութեան: Ոչ
միայն հաւատաց, այլեւ աշխատեց, նուիրաբերեց իր
կեանքը: Իսկ դո՞ւ, եկել ես արդէն մի չէն, զարգացած ու
զարգացող Երեւան:

Վահրամ Ալազանի անունը ինծի յիշեցուց այսօրուան
վաթսունամեայ Հայաստանի առաջին տասնամեակները,
երբ այդ անունը կը հնչէր ամէն տեղդ երբ բանաս–