Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/34

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քին: Այդ ճակատի աշխատողը անձնապէս չի վարձատրւում,
բայց դա խիստ օգտակար գործ է մեր հասարակութեան
համար: Ապրէք, տղԷք, աշխատէք: Մենք, Երեւանից
ուրախութեամբ հետեւում ենք ձեր բոլոր քայլերին։
Հայրենիքը ձեր կողքին է։

Այս բոլորը ըսաւ, բայց ուժի վատնում ունեցաւ
գերխոնջած Ալազանը եւ երկարեցաւ մահճակալին: Այնուհետեւ
կաշխատէր մեզ լսել։

Ո՜վ գիտէ, որրան խօսիլ կուզէր մեզէ հետ, ով
գիտէ, ինքն իր մէջ խորասուզուելով, յաջորդող վայրկեաններուն
ինչե՜ր անցուց էր միտքէն հէք Ալազանը, բայց
իր հէւծած մարմինը խոյլ չտուաւ...

Եւ ատէկա եղաւ իմ առաջին եւ վերջին հանդիպումը
Վահրամ Ալազանին հետ: Սերունդի մը պայծառ, ներկայացուցիչին
հետ, որ եթէ չկրցաւ գրական տոկուն գործեր
ստեղծել, բացաւ տոկուն գործերու ճանապարհը եւ Հայստանի
խորհրդայնացման առաջին տասնամեակին իսկ
իր ճիգերը չխնայեց , որ մեր երկէրը ճանչնայ Արեւմտահայ
գրական արժէքները:

Ու 1963–ի մայիսեան այդ օրը, Ալազան, իր հոգիէն,
հանգչելու մօտ եղող հոգիին մոխիրներուն մէջէն գտաւ
բաւարար կրակ եւ անդրաշխարհային ձայնով մը քաջալերեց
Սփիւռքէն եկող անյայտ այն երիտասարդը, որ ես
էի:

Արցունքը աչքերուս դուրս ելայ, յաւէտեան անոյշ
յիշատակ մը պահած Ալազանէն, այն մարդէն, որ ցմրուր
խմեց կեանքի լհղին եւ իր երկրին կտակեց երգեր միայն,
իր ստացած վէրքերուն փոխարէն։

Երախտապարտ եղայ բանաստեղծուհիին, որ զիս
կապի մէջ դրաւ հին սերունդի վիրաւոր այս երգիչին հետ,
ինքն ալ չիմանալով թէ անմար կայծ մը կը փոխանցէ ինծի:

Ալազան...

Գաբուզեանը կը մնայ Վանայ ծովակէն նետուած
կապոյտ ալիք՝ մեր երկրի ժայռեղէն հիմքին, որուն վրայ
կը բարձրանայ այսօրուան վաթսունամեայ Հայաստանը:

Հայաստան, դուն կը բարձրանաս կրանիթէ կամքերու
վրայ, ուր կայ նաեւ պտղունց մը Ալազան: