Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/37

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պատմեցի Ստեփան Զօրեանին եւ Էդուարդ Թոթճեանին,
հանդիպումներս Ահարոնին հետ։

— Ահարոնը այժմ կապրէ Փարիզէն բաւական հեռու
գտնուող Մոնմորանսիի հայկական ծերանոցին մէջ:
Երկու այցելութիւն տուած եմ իրեն: Արդէն ծերացած է
Դանիէլ Վարուժանի այս ընկերը։

Մեր առաջին հանդիպումը ձախողեցաւ, որովհետեւ
ուղղակի վտարեց զիս՝ երեսս ի վեր պոռալով. — Անխելք,
դուն թիթեռնիկի մը չափ ալ ուղեղ չունիս: Մինչ թիթեռնիկը
կը թռչի դէպի լոյսը, նոյնիսկ այրուէլու գնով, դուն
եկած ես խաւարին: Ես, Ահարոնս, խաւարն եմ, ինչո՞ւ
եկած ես իմ մօտս, այդ ալ՝ հեռաւոր Հայաստանէն: Կա՞յ
այդ տեսակ երկիր մը: Այդ երկիրը ժողովուրդ ունի՞, թէ
ունեցած է ու մեռած՝ օր մր: Գրողներ ունի՞ այդ երկիրը...
կորսուէ, գնա սատանային ծոցը։

Ես վիրաւորուած էի։ Գլխիկոր վերադարձայ Փարիզ:

Նման պարտութիւն չէի ապրած հարիւրաւոր հանդիպումներուս
ընթացքին, լիբանանցի անուանի բանաստեղծ
Միխայիլ Նաիմէէն մինչեւ ֆրանսագիր դժուարահաճ
հայ Ակադեմիկոսը Հանրի Թրուայան:

Հիւանդացայ գրեթէ: Որոշեցի անպայման խօսիլ
Ահարոնին հետ եւ յաջորդ Կիրակի ծրագիր մը կազմած,
աղջնակս ու մանչուկս հետո առած, դարձեալ մեկնեցայ
Մոնմորանսիի հայոց ծերանոցը:

Ուղիղ քալեցի դէպի Ահարոնին գտնուած սենեակը,
և դուռը կամացուկ մը թխթխկացնելէ ետք, երախաներուս
հետ մտայ ներս առանց իսկ սպասելու պայմանական
«հրամեցէք»ին:

– Ո՞վ էք, — հարցուց Ահարոն:

Գոց սորվածի պէս պոռացի գրեթէ.

— Անցեալ Կիրակի օրուան երիտասարդն եմ, ասոնք