Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/41

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ունէր, բողոք մը, կը դիմէր անպայման իրեն, գիտնալով
որ կը դիմէր ցաւակցողի մը։

Եթէ կռիւ մը կար, հաշտարարն ու հանդարտեցնողը
դարձեալ ինքն էր, Հայոց խորհրդարանի նախագահն ու
Գրողներու Միութեան Վարչութեան Առաջին Քարտուղար՝
Էդուարդ Թոփճեանը:

Հարիւրաւոր անդամներ հանդիպած եմ իրեն ել
երկար զրոյցներ ունեցած հետը Գրողներու Տունին մէջ,
Սեւանի ափին, Ծաղկաձոր...

— Թորո՛ս ջան, ես երկար մտածեցի Ահարոնի,
պէս նաեւ Շահան Շահնուրի մասին, — ըսաւ ինծի օր մը։ -
ինձ թւում է երկուսն էլ պէտք է հանգրուանեն հայրենիք։
Արդէն իսկ ունեցել եմ խորհրդակցութիւններ՝ մեր ղեկավար
ընկերների հետ։ Ու մի պատճառ չկայ որ նրանք չտեղափոխուեն
Երեւան։ Կը ստեղծենք յարմարութիւններ.
ինձ թւում է, նրանք կը գան եւ կապրեն հարազատ հայրենիքում:

Լուռ մտիկ կընէի։

Թոփճեանը նկատեց որ իր ըսածները ինձմէ ներս
չստեղծեցին իր սպասած խանդավառութիւնը։ Հարցուց
պատճառը։ Ըսի.

— Սիրելի ընկեր Թոփճեան, Ահարոնը ալ չի կրնար
գալ...

— Զլինի՞ ծանր հիւանդ է...

— Փարիզ վերջին այցելութեանս առաջին օրն իսկ
հանդիպեցայ Բիւզանդ Թոփալեանին, բարեւս ընդունեց
տխուր շեշտով մը եւ դառնութեամբ հարցուց ինծի թէ երէկ
ինչո՞ւ ներկայ չէի: Պատասխանեցի, թէ 48 ժամէ ի վեր
Մոսկուա—Փարիզ գնացքին մէջ էի, եւ հազիւ հասած վազեր
էի իր մօա... Ո՞ւր պէտք էր ըլլայի...

Թոփալեանը ընդմիջեց զիս.

— Երէկ կորսնցուցինք Ահարոնը։ Թաղումին հազիւ
երկու տասնեակ անձեր կային։ Հայ բանաստեղծի՜ թաղամ.
պարապ տեղը չէ որ Դուրեան բացագանչած է.

— Եւ մահամերձն ալ կուզէ երկու բան՝
Նախ կեանքը, ապա՝ լացող մ՚իր վրան։