Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/42

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Թոփճեանը գլուխը կախեց եւ աւելցուց.

— Մե՜ղք, մե՜ղք, շատ ուշ մտածեցինք: Հապա
Շահնո՞ւրը...

Որքան ինծի յայտնի է, բժիշկները արգիլած են
իրեն երկար ճամբորդութիւն: Յամենայնդէպս պէտք է
քննել իր բազկերակը: Եթէ կարելիութիւն կայ, ինչու չէ։

— Այդ մասին պէտք եղածը կանենք:

Պէյրութէն Հայաստան եկած էր Գէորգ Աճեմեանը:
Գրողներու Տունին մէջ հանդիպեցայ իրեն: Էդուարդ Թոփճեանին
մօտն էր: Հոն Էին Վաղարշակ Նորենցը, Սողոմոն
Տարօնցին, Խաչիկ Դաշտենցը եւ ուրիշներ: Ուրեմն, իգդիրցի
էդուարդ Թոփճեանը սասունցիներով շրջապատւած էր։

Այս հանդիպումը վերածուեցաւ նիստի, որուն նիւթը
Սփիւռքն էր ընդհանրապէս եւ հոն ստեղծուած գրականութիւնը։

Այդ օրերուն, Երեւանի Պետական Համալսարանին
Ափիւռքահայ գրականութեան շուրջ դասախօսութիւններ
կը կարդար Էդուարդ Թոփճեան: Նիւթը ինքնին հետաքրքրութիւն
ստեղծած էր հայրենի գրասէր երիտասարդութեան
մօտ: Եւ այդ մտերիմ զրոյցը, ՊԷյրութէն երիտասարդ
գրողի մը ներկայութեան, հասկնալի է, ստեղծեց
ջերմ մթնոլորտ:

ԳԷորգ Աճեմեանը քիչ մը էր ծրագիրներուն մասին
արտայայտուելէ ետք, շեշտեց կարեւորութիւնը Սիմոն
Սիմոնեանի հրատարակած «Սփիւռք» շաբաթաթերթին եւ
բազմաթիւ այլ հրատարակութիւններուն: Գիժ սասունցի
մը, առանձինն, հիմնած էր հրատարակչատուն մը՝ «Սեւան»
անունով, եւ արտասահմանը կողողէր ամենէն այլազան
նիւթեր ընդգրկող գրականութեամբ - յուշ, պատմութիւն,
վէպ, բանաստեղծութիւն, պատմուածը, դասագիրքեր...

Հոս է, որ էդուարդ Թոփճեանը, լուռ, լսելէ ետք
Աճեմեանին խորհրդածութիւնները, տխուր այլ մեղմ ժպիտ
մը դէմքին, խօսքը Գէորգին ուղղելով, ըսաւ.

— Սիրելի Գէորգ, եկել ես հայրենիք, բարով ես
եկել: Ինձ ասել են որ Սիմոնեանը քո քեռայրն է: Բարի: