Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/44

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ու հաստատեցին Նորենցին ըսածները: Բոլորս թեթեւ
շունչ առինք։

Հարկ է խոստովանիլ որ նախայարձակը եղած
էր Թոփճեանը, թիւրիմացութեամբ: Սիմոնեան իր
«Սփիռք»ին մէջ, ռամկավար թերթէ մը («Պայքար»)
արտատպած էր Շիրվանզադէի ու Զօրավար Անդրանիկի
միջադէպը, առանց ձայնակցելու։ Թոփճեան գրութեան
հեղինակ կարծած էր... Սիմոնեանը:

Բայց տարիներ ետք, երբ կը գրեմ այս տողերը, կը
հաստատեմ թէ մեծերն ալ կը սխալին այսպէս երբեմն:

Ծով չկայ որ չալիքուի:

Եղեռնի Յիսնամեակը մակընթաց ալիքը մը բարձրուց
ամբողջ հայ ժողովուրդին մէջ։

Իսկ Երեւանը յատկապէս, դարձաւ գործող հրաբուխ:
Հայրենի երիտասարդութիւնը տասնամեակներով
անիրազեկ մնացած էր ահաւոր այն սպանդին մասին, երբ
ժողովուրդ մը ամբողջ ոճրային ծրագրումով քշուած էր
սպանդանոց ու արմատախիլ նետուած անապատներու եւ
հեռաստաններու կլանող, անկուշտ երախին:

Ու Հայաստանի երիտասարդութիւնը 1965 թուականի
Ապրիլի 24ին, հրաբխային ժայթքումով մը, հարիւր
հազարներով ողողեց Երեւանի բոլոր մայրուղիները եւ
հրապարակները, յայտարարելու ոչ միայն իր ցասումը
այլեւ հաստատելու համար իրողութիւն մը, թէ՝ ահաւոր
ոճիր մը, մեծ ցեղասպանութիւն մը կտրելի չէ մոռացութեան
խաւարին մէջ պահել, թէ՝ անժամանցելի են մեր
իրաւունքները, եւ ահա՛ մեր ժողովուրդը իր սփիւռքով ու
հայրենիքով կելլէ, ելած է ոտքի՝ աշխարհին ցոյց տալու
թէ ինք կայ, եւ տէրն է այն դատին, որուն վրայ քաբ դրած
է միջազգային քարսիրտ դիւանագիտութիւնը:

Երեւանի մէջ Եղեռնի Յիսնամեակի վիթխարի
ցոյցերը կազմակերպեցին եւ իրագործեցին հայրենաբնակ
մեր նորագոյն սերունդի զաւակները:

Ո՛վ կը յանդգնի վարար ջուրերուն կղպանք ագուցել։

Մենք, բժշկական ինստիտուտի ուսանողներս, դասի
էինք: Մեր դասարանը, առաւօտեան առաջին դասաժամուն
հիւսուածաբանութեան հարցերուն կը պատասխանէր զին-