Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/45

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ւած միկրոսկոպներով: Ընկեր Յովհաննիսեանը կը շեշտէր
միկրոսկոպը գործածելու, արուեստին տիրապետելու կարեւորութիւնը,
երբ, դասասենեակին լայն լուսամուտները
քարակարկուտի բռնուեցան: Խուճապահար, բոլորս ելանք
ոտքի, ու ի՜նչ տեսնենք, վարը, անզուսպ ովկէանի նման
ալիքուող երիտասարդութիւն մը, որ կը պոռար.

— Վախկո՛տ բժիշկներ, վար իջէք ու միացէք
մեղի... մեր հողերը... մեր երկու միլիոնը...

Դասարանը պարպուեցաւ գրեթէ, նոյն վայրկեանին
իսկ: Մենք, քանի մը մնացողներս, ոտքի, կը դիտէինք մեր
դասախօսը, որ կը սրբէր իր արցունքը ու կըսէր հեծկըլտալով. –
Ընկերնե՛ր, փա՜ռք նոր ժամանակներին, մենք
այս օրն ալ տեսանք...

Քանի մը վայրկեան վերջ մենք ալ դուրսն էինք։

Եկայ տուն: Մեր տունը կը գտնուէր Լենինեան պողոտային
վրայ եւ աշխարհին կը նայէր լայնաբար լուսամուտի մը–.
Այդ պատուհանին տակին աշխարհ մը երիտասարդութիւն
ալիք առ ալիք կը հոսէր անվերջ:

Ցուցարարները կը կրէին վիթխարի կոչուելու արձանի
պաստառ, մը ուր կը կարդացուէր — Մե՛ր հողերը...

Մեր երկու միլիոնը...

Առջեւէն, երկու հոգի, դժուարութեամբ կը տանէին
մեծղի դիմանկարը հայ դիմադրական ոգիին՝ Զօրավար
Անդրանիկ Օզանեանին:

Ճիշդ մեր պատուհանին տակ կանգնած էր զինուորական
մը գլխարկը գլխուն, ձեռքերը ետին:

Կարգադիր յանձնախումբէն երիտասարդ մը մօտեցաւ
յիշեալ զինուորականին եւ՝

— Ընկեր լեյտենանտ, մի տեսԷք, ով Է գալիս:

— Չեմ հասկանում ձեզ:

— Ո՞ւմ նկարն են տանում մեր երիտասարդները:

— Փորթրեթի մասի՞ն էր, պարզ է, Անդրանիկն է։

— Ուրեմն, հանէ՛ք ձեր գլխարկը եւ պատուի կացէք:

Լեյտենանտը անմիջապէս հանեց գլխարկը ու պատիւ
տուաւ Անդրանոկո դիմանկարին: