Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Փետրուարեան ձիւնապատ օր մը, նախապէս առնուած
ժամադրութեամբ, բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանին
հետ կերթամ Յակոբ Սալախեանը տեսնելու։

Մոսկուայի մէջ Հայաստան մըն էր իր տունը։
վարակները լեցուն էին գիրքերով: Մանաւանդ
հայերէն գիրքերով մանաւանդ ռուսերէնի թարգմանուած
երկերով։

Մէկ նկար կար պատէն մեզ դիտող: Այդ մէկ հատիկ
նկարը կարծէր լեցուցած էր ամբողջ սենեակը։ Այդ մէկ
հատիկ նկարին մէջ կար Յակոբ Սալախեանին ոգին։ Մտաւորական
ազնիւ մարդուն ամբողջ սիրտը։ Ու այդ նկարը
կը ներկայացնէր Զօրավար Անդրանիկը։

Մեր զրոյցին նիւթը, իմ խնդրանքիս վրայ, ռուսերէնով
արտայայտուող հայ գրողները եղան։

Յակոբ Սալախեանը խօսեցաւ տասնեակ մը հայ
գրողներու մասին, որոնք արժանացած են ռուս ընթերցողին
ուշադրութեան, երբեմն համակրանքին նաեւ սիրոյն։
Անշուշտ սկսալ Մարիետտա Շահինեանով։ Խօսեցաւ Տանկուլովի
մասին, ապա անցաւ Թեվեկկելեանին։

Իր մահէն ետք, օր մը, Մոսկուա, երբ անուանի
գիտնական Եզրաս Հասրաթեանի տունն էի, ակադեմիկոսը
իր մորմոքը յատնեց կեանքին վաղաժամ հեռացած Յակոբ
Սալախևանի համար։

Ու ես մտածեցի այդ պահուն, թէ Յակոբ Սալախեանը
անցաւ Մոսկուայի երկինքէն կարճատեւ բայց գիսաւոր
աստղի նման...