Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/53

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ալ մենք, ոչ—սսեցիներս իրենցմով կը կարծէինք վերագրտած
ըլլալ Կիլիկիոյ մայրաքաղաքը՝ Սիսը:

Երբ այսպէս արտայայտուէի ուրիշ Սսեցի Գրիգորի
մը՝ Գրիգոր Ադամեանին, Փարիզի մէջ, այս գրասէր
դերձակը, կարած հագուստը մէկ կողմ կը նետէր ըսելով.

— Իրա՞ւ կըսես, Թորոս, եթէ այդչափ սսեցի Գրիգոր
կայ Երեւանի մէջ, ես ինչ գործ ունիմ այստեղ, Փարիզ:
Ելլեմ—երթամ իրենց միանամ: Մանաւանդ, որ այդ
Գրիգորներէն երկուքը, Պերմեզճեանն ու Քեշիշեանը՝ Սամուէլ
Չաւուշին տղան, ազգականներս կըլլան:

Գրիգորներէն երեքը Կիւլեանը, Պեքմեզճեանը եւ
Քեշիշեանը գացին հայրենի հողին գիրկը, միացան հայ
հողի դարաւոր սրբութեան, քիչ մը եւս ազնուացնելով
զայն: Իսկ չորրորդը՝ Պեքերեճեանը, արդէն հիւանդկախ,
վերստին ձեռք առաւ պանդխտութեան ցուպը կարճ բայց
հոգեմաշ թափառումի մը ետք շատ հասունցած պտուղի
նման ինկաւ օտար հողի վրայ ել փոշիացաւ անգիր վէպ
մը յանձնելով քամիներուն...

Գրիգոր Կիւլեանը... Մեղմ տղայ էր: Արշակ Չոպանեան
մեծ յոյսեր կապած էր անոր անունին: Բիւրեղի
յատակութիւն ունէր իր հայերէնը: Այն օրերուն, երբ
կաշխատակցէր Փարիզի «Անահիտ»ին, նորարարական
շունչ մը ունէր իր բանաստեղծութիւնը: Խոհական մարդ
էր: Փիլիսոփայական ու հայրենասիրական լարն Էր տիրապետողը
իր երգերուն մէջ:

Ծնած Էր 1912–ին: Շրջան մը եղած Էր ՊԷյրութի
«Ջարթօնք» օրաթերթի խմբագիրներէն։ Աշխատակցած
էր նաեւ Պէյրութի մէջ լոյս տեսած «Ծիածան»ին եւ ըսփիւռքահայ
այլ պարբերականներու:

Հայաստանի մէջ ժուժկալ եղաւ իր գրիչը: Գրեց,
Բայց ինչ որ գրեց, բանաստեղծութիւն թէ վերլուծական
խօսք, փնտռուեցաւ: Քիչ գրելուն մէջ տարի՞ քը խաղցաւ
դեր մը, խստապահանջութի՞ւնը, թէ ունեցաւ ներշնչումի
տագնապ... Գուցէ երեքը միասնաբար։

Ումեղ լեզուազգացողութիւն ունէր եւ գրական խորունկ
հասկացողութիւն: Ձէր նմաներ երբեք այն խոփին,
որ հողը մակերեսէն հերկելուն պատճառաւ քիչ արդիւնք