Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/54

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կոս տայ։ Կը սիրէր խորունկ հերկը։ Իր այգդէս ըլլալը
մենք գիտէինք արտասահմանի մէջ: Հայաստանի մէջ սակայն,
իր ընթերցողներէն աւելի աշակերտները ըմբռնէցին
իրենց ուսուցիչին վարպետութիւնը, քանի որ Գրիգոր
Կիւլեան, հայրենի հողին վրայ, նուիրուեցաւ ուսուցչական
ասպարէզին եւ ամբողջովին կլանուեցաւ այս սրբազան
գործով, դասաւանդելով մայրենի լեզու եւ մայր ժողովուրդին
պատմութիւնը։ Եւ ուր որ ալ աշխատեցաւ ան,
սիրուեցաւ անսակարկ: Յատկապէս Ս. էջմիածին Ճեմարանէն
ներս։ Սերունդ պատրաստելը իր մտասեւեռումը
եղաւ։ Գրեթէ չուզեց երեւիլ հրապարակի վրայ։ Չուզեց
գրել վասն պատուագինի։ Գրեց երբ վճռական ըսելիք մը
ունէր, երբ հաստատ գիտէր, թէ իր ըսելիքը կարեւոր էր
եւ ուրիշ մէկը պիտի չգրէր։

Կատակով թէ լրջութեամբ կերազէր Սիսը։

Ինչ խօսք որ կը պաշտէր արեւմտահայ լեզուն։ Ու
այն լեզուն, իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ գործածեց
երկիւզածութեամբ, մաքուր ու յստակ, ինչպէս ինքն էր։
կը սիրէր արտասանել Մեծարենց, Դուրեան, Զարիֆեան:
Պաշտամունք ունէր Թէքէեանին հանդէպ, իսկ Փարիզի
տղոցմէն իր նախասիրութիւնը կերթար Շահնուրին,
ամենէն աւելի։

Արեւմտահայութիւնը իր պաշտամունքի առարկան
էր։ Իրեն համար բոլոր մեծ գրողները արեւմտահայ էին
Ս. Մեսրոպէն սկսեալ: Չէր վարաներ նկատել տալու, թէ
մեծ Լոռեցիին մէջ՝ մարդն ու քաղաքացին աւելի մեծ էին
քան թէ գրողը:

Օր մը, երբ իրմէ բանաստեղծութիւներու գիրք մը
հրատարակած էր Հայպետհրատը «Կեանքի Մէջէն» խորագրին
տա, 1969 թուականին, եւ մենք, մէկ տասնեակի հասնող
բարեկամներ, իր դիրքին առիթով գինեձօն մը կազմակերպած
էինք ի պատիւ աղմուկէ խոյս տուող այս իրաւ
բանաստեղծին, Արմենիա ճաշարանին մէջ, Կիւլեանը հոն
ալ կը կրկնէր իր ալ սովորական յանկերգը, թէ մեր գրականութեան
իսկական մեծերը արեւմտահայ գրողներն են։