Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/59

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սիսուանի դէմ առնուած այդ որոշումին, մանաւանդ այդ
եղանակով, մանաւանդ արտասահմանէն իր վերադարձի
որն իսկ: Կը հարցնէինք իրեն, կանգիտանար պատճառը։

Առիթով մը, երբ Գրիգորին անգործութեան ամիսները
իրարու կը յաջորդէին, անհրաժեշտութիւն զգացի
քանի մը պատասխանատու մարդոց ներկայանալու եւ հարց
տալու թէ Պեքմեզճեան Գրիգոր Խորհրդային Սահմանադրութեան
ո՞ր օրէնքին հիման վրայ անգործ կը ձգտէր...
Քաջ գիտնալով որ Խորհրդային Սահմանադրութիւնը
աշխատանքով կապահովէր իր բոլո քաղաքացիները:
Գրիգորը դադրա՞ծ էր խորհրդային երկրի քաղաքացի
ըլլալէ...

Պատասխանը սահմռկեցուցիչ Էր... Թող Գրիգորը
ապրանքները վաճառէր եւ ուտէր:

Երանի՜ դիմած չըլլայի այդ մարդուն եւ այդ խօսքը
լսած չըլլայի: Անմարդկային էր մօտեցումի այս եղանակը:
Աւելին, ես պիտի ըսէի՝ ֆաչիստական:

Գրիգոր «առեւտուր»ի մարդ չէր: Ապրանք բերող,
ապրանք ծախող չէր: Պէյրութի մէջ եղբայր մը ունէր,
որճեփ, որ հազիւ կրնար հասնիլ իր ընտանիքին պէտքերուն:
Եթէ եղբայրն ու բարեկամները կարգ մը նուէրներ
տուած էին, ատոնք վաճառքի համար չէին: Գրիգորը երեք
մանչ զաւակ ունէր, երեքն ալ ուսանող եւ իր ընտանիքին
հինգ շունչը ստիպուած էր առանձին պահել:

Ի վերջոյ Գրիգորին գործ տուին սփիւռքահայ
դպրոցներու համար Երեւանի մէջ հրատարակուող դասագիրքերու
խմբագրութեան մէջ: Բայց հիւանդ էր ան:

Այցի գացեր էի Երեւան 1972 թուականի ամրան:
Ծանր էր վիճակը: Ննջարանէն եկաւ հիւրասենեակ, վիզիս
փաթթուեցաւ, լացաւ ու արցունրներուն մէջէն ըսաւ.

— Այսպէ՞ս պիտի տեսնէինք զիրար...

Կակնարկէր իր առողջական ծանր վիճակին: