Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/62

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կիպրոս իբրեւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան
սան։

Այս կրթական օճախը բերրի դաշտն էր հայ լեզուին.
հոն, Վարուժանը ոսկի հունտեր կը ցանէր հայ մանուկին
սիրտին մէջ, Թէքէեանը կընէր հայ հոգիէն պատարագը,
Շահնուրը կը դրդէր տղաքր ըմբոստացումի, իսկ Չարենցը
յեղափոխութեան։

Յետոյ՝ վերադարձ Պէյրութ։ Ու Ամերիկեան Համալսարան:
Ու կուսակցական կեանք՝ «Նոր Ուզի»ի խմբագիր։
Վազը մարաթոնեան, ձեռքին գիրի եւ լոյս է ջահը։

Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ, ներգաղթի նախօրեակին,
մէկ անգամ տեսած էի զինք ել միմիայն բարեւ
մը փոխանակած էինք «Նոր Ուղի» ամսագրի խմբագրատունին
աստիճաններուն վրայ: 1946–ին էր:

Յետոյ, կրկին տեսայ զինք՝ 1963–ի Մայիսի կէսին,
Երեւան: Այնուհետեւ մեր մայրաքաղաքին մէջ ուսանողութեանս
եօթ տարիներուն, Գրիգորին յաճախ հանդիպելու
ցանկութիւնը դարձաւ պահանջ։ Ու ամէն անգամ որ
իրեն այցի կերթայի, հետս փոթորիկ մը կը տանէի, զիս
ալեկոծող միտք մը, որուն արմատները ինձմէ ներս չէին,
այլ ինձմէ դուրս։ Մտիկ կընէր, հանդարտ, ծխելով,
առանց ընդմիջելու, ապա՝ հանդարտ, շատ հանդարտ պատասխան
մը կու տար, բառերը կարծես հատիկ—հատիկ
որպէս համրիչի ուլունք չխկացնելով եւ համբերութեան
կը հրաւիրէր զիս։ Ծանրախոհ էր, համբերատար, տրամաբանող։
Կը սիրէր լռութիւնը, ներքին լռութիւնը եւ
Սֆինքսի նման աներեր Էր կեանքի քամիներուն դիմաց։
Իր առաջարկը կըլլար միշտ հասկնալ մեր ապրած ժամանակները
ու քննելէ ետք միայն կարելիութիւնները, ծրագրել
ընելիքը եւ ապա տալ որոշում՝ մեր ծրագիրներուն։

Մեր զրոյցներուն առանցքը կը դառնար յաճախ արտագաղթի
ցաւը։ Ինք, ինչ կը վերաբերի իր անձին, տարիներ
առաջ ըսած էր հիմնական ու վերջնական խօսքը —
«Վերջին հասցէս Երեւանն է»։ Այս վերնագիրը կրող պատմուածքը
գրելով, Գրիգորը ստորագրած էր պարտամուրհակ
մը արձագանգելով հայ հոգիին առհաւական կոչին:
Ինքնիրեն ու իր ժողովարդին հաւատարիմ Գրիգոր Քեշիշ—