Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/63

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եանը հայ հողէն առաւ իր աւիշը և այդ հողին է որ միացաւ
1980–ի Յունուարեան գիշեր մը։

Կերթայի իր մօտ բորբոքած, եւ՝

— Գրիգոր, լսեցի՞ր,— կըսէի,— այսինչն ալ մեկնած
է. հայրենասէր աղայ էր, ինչո՞վ բացատրել.

Կը լռէր երկար, յետոյ, գլանակ մը կը վառէր, հանդարտօրէն
կարձակէր ծուխը, եւ ապա՝ մեղմ ու խոհուն
կը խօսէր.

— Թորո՛ս , չեմ ուզեր վճիռներ արձակել ասոր—անոր
մասին։ Դուն գոնէ տեղեակ ես, որ երբ ամենէն մօտիկ ընկերս,
մանկութեան, պատանեկութեան եւ հասուն տարիքի
ընկերս լքեց երկիրը, իր բառերով, ստէպուեցաւ լքել երկիրը
մեր, ես բարի ճանապարհ մաղթելու համար օդանաւակայան
չգացի։ Գիտեմ, ինք նեղուեցաւ։ Ինք, մեկնողը,
նաւ ունեցաւ. իր մեկնիլը, իր ցաւը գուցէ, եւ իր բարեկամութիւնը,
եւ իրաւունք վերապահեց իրեն նեղուիլ ինձմէ։
Բայց ինք, մեկնողը, նոյն իրաւունքին զրկեց զիս:
Ինք բարկանալու իրաւունք ունէր, իսկ ես՝ ոչ։ Իմ բարկանալս՝
կարեւոր բան չէր: Անհատ մըն եմ: Երկէրը բարկացաւ:
Ընկերս անտեսեց երկու բարկութիւն, իր ընկերոջ
անհատական բարկութիւնը եւ երկրին բարկութիւնը։ Եւ
ի վերջոյ հարց կը ծագի թէ ո՛վ է աւելի կարեւորը, անհաշտը
թէ երկիրը, ժողովուրդը։

Մարդիկ կը խօսին, դատումներ կընեն, վճիռներ
կարձակեն, բայց յաճախ չեն բարեհաճէր իրենց իսկ որոնումները
սեպհական ուղեղին դատաստանին տանելու։

Չեմ ուզեր մէկը ամբաստանիլ հայրենադաւութեամբ՝
երբ ան կը լքէ երկիրը, բայց իրաւունք կուտամ
ես ինծի հարց տալու.— Ո՞վ ճիշդ կը վարուի այս պարագային
մեկնո՞ղը թէ մնացողը, այսքան։

Տեսակէտ մը ու կեցուանք մը Գրիգորինը:

Գրիգոր Քեշիշեանը արտասահման եղան մէջոցին
ալ այն հայերէն իր, որոնք թէեւ ծնած օտար հողի վրայ,
բայց կապրէն որպէս մայր երկրի քաղաքացի։ Ու ահա
ճիչդ, այդ պատճառաւ ալ, ան, իր ոտքը հայրենի հողին
վրայ դրած պահէն սկսեալ, մերուեցաւ այդ հողին, դարաւոր
հողին, մերուեցաւ մարդոց, գտաւ իր արմատները,