Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/67

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ժպտեցաւ։ Այս այն ժպիտներէն էր, որ ըսել կուզէր —
ամէն ինչ չափ ու սահման ունի: Սա տեսական հարց
մը չէ, որ վէճ տանի։ Սա մեր Երեւանն է, եւ հոն՝ կաց...

Այնուհետեւ, Ազիզ Նեսին, շատ փորձած է խօսիլ
տալ Գրիգորը հայ—թրքական եւ գաղափարական հարցերու
շուրջ: Հարցուցած է, օրինակ.

— Ո՞րն է աշխարհի գեղեցկագոյն դրօշը։

Եւ Գրիգորին պատասխանը եղած է.

— Հայկական դրօշը. կարմիր, կապոյտ, կարմիր,
անկիւնը՝ մուրճ մանգաղ: Այսքան.

— Ես ալ կարծեցի, ըսած է Նեսին, որ պիտի ըսես
Սովետական Դրօշը միայն, արիւնագոյն, մեր, թրքական
դրօշին նման, մէկ տարբերութեամբ, մէկուն վրայ բընական
կիսալուսին եւ բնական տուող, միւսին վրայ՝ մարդակերտ
մանգաղ ու մուրճ։

Իսկ Գրիգորը, ինչպէս միշտ, հանդարտօրէն պատասխանած
է.

— Նեսին, թուրքը մեզի սոցիալիզմ չի կրնար քարոզել:
Մենք վաղուց սոցիալիստներ ենք: Այս քարոզդ գնա՛
ու կարդա Իսթանպուլի մէջ, Անգարայի մէջ: Եւ յետոյ,
մինչ դուն այստեղ կարմիր դրօշ կը քարոզես, այդ ալ ինծի,
հայու մը, նոյն այդ դրօշին ծառայող, անդին վստահ եմ.
քու հայրենակիցներդ, այս վայրկեանին, Ուաշինկթընի
մեջ, ամերիկեան թմբուկ կը զարնեն: ԱյդպԷս էք դուք:
Ու ասիկա դուք կը կոչէք դիւանագիտութիւն: Բայց, ինչպէս
առածը կըսէ. «Օր մը ձիւնը կը հալի եւ կեղտը անպայման
երեւան կելլէ...»:

Նեսին չէ յուսահատիր: Անպայման հասկնալ կուզէ
Հայոց վերջնական նպատակը: Ի ծնէ զուսպ եւ ծանրախոհ
Գրիգորը ի վերջոյ տեղի կու տայ.

— Մուզէք հասկնալ թէ ի՞նչ է մեր նպատակը: Բացատրեմ
ձեզի պատկերով մը: Այդ պատկերը պարզ է ինչպէս
մեր շողացող եւ որեւէ երկրի պատիւ բերող Երեւանի
իրականութիւնը, աշխարհի գեղեցկագոյն մայրաքաղաքներէն
մէկուն պայծառութիւնը:

Մենք, հայերս, երբ զաւակ մը ունենանք կը բարուրենք
զայն: