Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/70

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գորտ ես քեզի հետ ամէն օր կը խօսիմ հակառակ մեր միջեւ
եղած զգալի հեռաւորութեան: Այդ հեռաւորութիւնը աշխարհագրական
է լոկ: Ես ամէն օր կը խօսիմ հետդ թէ
խօսելու, թէ՛ գրելու ժամանակ հարց կուտամ ես ինծի.—
Եթէ Գրիգորը մօտ ըլլար, ի՞նչ պիտի ըսէր, ի՞նչպէս պիտի
ընդունէր այս արտայայտութիւններս...

Վերջին անգամ, 1979–ի աշնան, երբ գացած էի
Թունուզ արաբ բժիշկներու տարեկան համագումարին
մասնակցելու, Նոր Քարթակէնէն, Աննիբալի քաղաքէն
երկտող մը գրեցի Անժիկին ու Գրիգորին։

Պատասխանը եկաւ Յունուարի առաջին օրերուն՝
զոյգ ստորագրութեամբ: Անժիկը միշտ «Գարուն» ամսագիրի
խմբագիրն էր, իսկ Գրիգորը միշտ Հայկական Համայնագիտարանին
մէջ՝ բաժնի վարիչ: Երկուքն ալ ողջ-առողջ
էին, եւ երկուքն ալ կը շարունակէին գեզեցկացնել
մեր երկիրը, մեր ամբողջ ժողովուրդին կեանքը, իրենց
աշխատանքներով ու ստեղծագործութիւններով: Ատիկա
մեծ աւետիս Էր ինծի համար:

Բայց յանկարծ ահա կը հասնէր գոյժը՝ Յունուարի
18–ին, այդ բացիկը ստանալիս քանի մը օր ետք միայն...

Չկար Գրիգոր Քեշիշեան գրողը, մարդը, հայր,
սսեցի հանրածանօթ Սամուէլ Չաւուշի որդին, որ զէն ի
ձեռին հերոսաբար պաշտպանած էր երկիրը մեր Կիլիկիան,
մեր մայրաքաղաք Սիսը եւ իր Վահկան:

Գրիգոր Քեշիշեանը նոյն ինքնապաշտպանութեան
նուիրական գործը շարունակեր էր գրիչով՝ հայրենի հողին
վրայ:

Սամուէլ Չաւուշ հասաւ իր հայրենիքն ու թաղուեցաւ
մայր հողին մէջ:

Նոյնը կատարուեցաւ իր զաւակին հետ։ Ու Երեւանը
մնաց Քեշիշեաններու յաւիտենական հասցէն:

Հիմա, թոռ Սամուէլը կը շարունակէ Քեշիշեաններու
ճանապարհը, հայրենի Երեւանին մէջ, յաւիտենական
երթուղիին օղակները աւելցնելով: