Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/76

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Չքնեցի՞ք,— հարց տուաւ, - բայց անմիջապէս
աւելցուց. — Նախաճաշը ձեր մօտ բերեմ թէ՞...

— Ժամը քանի՞սն է,— հարցուր Պարոյր։

— Եօթն անց է երեսուն րոպէ:

Նստանք նախաճաշի։

Այդ գիշեր, մինչեւ արեւածագ, քան՞ի լուսամուտ
բացուած էր ուղեղիս մէջ որ լոյսը ուղխօրէն խումէր ներս,
ջերմացնէր զիս ու վերածուէր ուժի:

Քանի՞ լուսամուտ...

Արամ Հայկազը եկած էր Հայասաան. համագումարի
հիւր չէր: Շապին Գարահիսարցի գրողը եկեր էր իր
երկիրը տեսնելու:

— Սիրելիս,— կըսէր կիսաձայն,— սիրելիս,
մարդիկ կան, որոնք հայրենիք կու գան միայն հրաւէրով:
Ես պէտք չունէի հրաւէր սպասելու: Կը զարմանամ, հայրենիքէն
գոյութիւնը ինքնին, իր օր աւուր աճիլը ինբնին,
հրաւէր մը չէ՞ ամէն հայու ուղղուած: Ուրեմն, ես եկայ
երկիրս տեսնելու, հաստատուածը անգամ մը եւս հաստատելու:
Եկայ Երեւանի Հայ գրող եմ: Բայց ահա ինծի մօտեցող
չկայ: Ես համայնավար չեմ: Արդեօք ա՞յդ Է պատճառը:
Բայց ես երկրիս հետ եմ: Երկրիս հետ եղած եմ
ծնած օրէս: Գրող մը չէ կրնար իր երկրէն հետ չըլլալ:

— Հայկազ սիրելիս ես եկած եմ մօտգ, որ քեզ տանէմ
գրողներու մօտ: Երբ հասնինբ անոնց մօտ, թող անակնկալը
բեզ չշփոթեցնէ: Հայ գրողը կը թօթափէ իր կասկածները
հայ գրողին մօտ եւ ամէն ինչ կը տեսնի նոյն
լոյսով:

Քանի մը օր տուած, Համոյ Սահեանին ոտքը ջարդուած
է, ձախաւեր շարժումի մը հետեւանքով: Վստահաբար
շատ մը գրողներ իր մօտ կըլլան հիմա...

Արմենիա պանդոկէն մեր դուրս ելած պահուն,
հանդիպեցանք արձակագիր Արտաշէս Քալանթարեանին:
Ներկայացուցի Արամ Հայկազը: Ողջագուրուեցան: Արտաշէսը
շատ քաղաքավարօրէն ու քիչ մըն ալ խպնելով ըսաւ
թէ կարդացած է Հայկազի պատմուածքներէն ու փորձեց: