Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/77

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յիշել վերնագրեր: Առաջարկեցի միասին բարձրանալ
«Արագիլ» ու յետոյ իջնել Համոյ Սահեանի տունը: Այդպէս
ալ ըրինք:

Արամ Հայկազ, ամերիկահայ գրողը, ամէն քայլափոխի
նոր յուզում մը կապրէր։ Երբ նստեցանք Մասիսներու
դիմաց, Հայկազը, կամացուկ, կարծէք գաղտագողի,
գրպանէն հանեց թաշկինակն ու աչքերուն տարաւ:

Նոյն այս գիրքէն, Արարատին հիացած էր Չիլիցի
անուանի բանաստեղծ՝ Նիկանոր Բարրան, երբ Երեւան
եկած էր Սայեաթ Նովայի ծննդեան 250 ամեակին տօնակատարութեան:

Սպասեակներուն բացատրեցի մեր հիւբին ով ըլլալը
եւ աւելցուցի.

— Տղե՛րք ջան, մեզ ամօթով չթողէք, Անդրանիկի
հայրենակիցն է:

Այնպիսի արագութեամբ մատուցուեցաւ ամէն ինչ,
որ Արամ Հայկազ, հիւմուրով մը առաջարկեց երգել
«Սեղանն է առատ, դիմացն Արարատ» երգը: Երբ երգել
փորձեցինք, պարզուեցաւ, որ երեքս ալ բաղաձայն ենք:
Բայց եւ այնպէս երգեցինք: Ցետոյ պտոյտ մը ըրինք մոնումենտի
այգիներուն մէջ, նկարուեցանք:

1969 թուականին էր: Իրիկնացող պահը յուշեց մեզի,
թէ ալ ուշ էր, եւ կճող զովութիւն մը պատճառ եղաւ,
որ արագացնենք մեր քայլերը դէպի բնակարանը Համոյ
Սահեանին:

Դուռը բացուեցաւ եւ ի՜նչ տեսնենք: Համոն երկարած:
Ոտքը գաճի մէջ: Երկու կողմերը խումբ մը գրողներ,
որոնց մէջ էին Պարոյր Սեւակն ու Սուրիկ Աղաբաբեանը:

Հազիւ ներս մտած, Արտաշէսը ըսաւ.

— Համոյ ջան, ախր այդ ոնց պատահեց, որ հայրենական
պատերազմի մասնակիցդ, ֆաշիզմի գնդակի դէմ
մնացիր անխոցելի, բայց ահա հարազատ Երեւանում
որունքդ ես ջարդել:

— Արտաշ, խոմ քեզ համար գաղտնիք չի, որ հարազատը
երբեմն կարող Է աւելի ուժեղ վիրաւորել քան