Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/81

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ժամանակ մը ետք, օրուան թէզը տակաւին գիրքի
ձեւ չառած, օր մը Պարոյրէն քով կերթամ։ Թեւիս տակ
գեղակազմ հատոր մը կայ: Պարոյրին ակնարկէն չի վրիպիր
գիրքը:

— Պարոյր սիրելիդ, — կըսեմ, - այս գործը մակագրած
եմ քեզի համար, բայց փոքր պայման մը ունիմ -
երբ հրատարակութեան յանձնուի ուսումնասիրութիւնդ
Սայեաթ Նովայի մասին, պիտի խնդրէի որ այլեւս քեզի
պատկանող այս հատորը կարդալէդ ետը, անոր հեղինակին
անունն ալ յիշատակուի հրատարակելի գործիդ օգտագործւած
աղբիւրներու ցանկին մէջ։

Երանի՜ թէ պայմանիս մասին ակնարկած չըլլայի:
Ուղղակի փրփրեցաւ.

— Ես պայմանով նուէր ընդունած չկամ, չեմ էլ
ընդունի: Ուրեմն եկել ես կարգադրութիւն անելու, Հա՞,
խայտառակէ մէկը։ Այդ, քեզանից չէի սպասում: Որպէս
պատիժ, չեմ ընդունում նուէրդ:

— Դուն գիտես, ես վստահ եմ որ եթէ գիրքին կողքը
տեսնես, իմանաս նիւթին ինչ ըլլալը եւ հեղինակին անունը,
զիս կը հռչակես անմեղ ու գործն ալ կը յափշտակես
ձեռքէս:

— Թէ որ այդպէս է մի նայեմ։

— Սայեաթ Նովա, Նիկոլ Աղբալեանի...

— Պայմանդ, նորից մերժում եմ ընդունել, անիրաւ,
ահաստուած, ուրեմն կարծում է իր նման գիրքը կարդա-
լուց յետոյ, ես ինքս, մոռացութեա՞ն կը տայի անունը
հեղինակի...

Գիրքը իրեն տալիս ետք պատմեցի թէ ինչպէս
Աղբալեանի այս գործէն երեք օրինակ նուէր ստացայ
լոնտոնաբնակ հայէ մը, յիշելով նաեւ թէ ան, եղած է,
երեսունական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու
մէջ գործադրուած Դուրեան Եպիսկոպոսի մահափորձին
մասնակիցներէն մէկը... եւ աւելցուցի թէ ես քնացեր եմ
այդ հայ մարդուն Ցովհաննէս Կոնզալէս Չալըքեանի տունին
մէջ...

— Այ տղայ, չվախեցա՞ր։