Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/82

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Ամբողջ գիշերը կը փորձէր զիս համոզել թէ ինք
այդ ոճիրին չէ մասնակցած, թէ ինք միայն ճամբայ բացած
է որ այդ ոճիրը գործողները չձերբակալուին եւ փախուստ
տան...

Պատմեցի թէ, յետոյ, ինք ալ փախած է Քուպա։
Այստեղ է որ Յովհաննէսը եղած է Կոնզալէս։ Ապա անցած
է Լոնտոն եւ հոն ալ ամուսնացած: Իր կնոջմէն, որ մահացած
է, ժառանգած է քանի մը չէնքեր: Այժմ կը բնակի
անոնցմէ մէկուն մէջ եւ կապրի միւսներէն ստացած վարձքով։

Եւ որպէսզի բան մը ըրած ըլլայ իր ժողովուրդին
համար, ու մանաւանգ հանդարտեցնէ իր խիղճը, երբ
հայերէն թերթի մը մէջ նոր լոյս տեսած գիրքի մը յայտարարութիւնը
կարդայ, յիսուն օրինակ կապսպրէ, փոխարժէքը
կը վճարէ կանխիկ եւ զանոնք մէկ առ մէկ կը
բաժնէ Լոնտոնէն անցնող ու իրեն հանդիպող հայերուն...
Իսկ ամէն Ապրիլ 24—ին, ձեռքին ցուցատախտակ մը
որուն վրայ արձանագրուած է, թէ՝ թուրքերը ջարդած են
իր ամբողջ գերդաստանը եւ ինք իր բազմանդամ տոհմին
միակ վերապրողն է, ցոյց կելլէ Լոնտոնի փողոցներուն
մէջ...

— Երեւի, Ծառուկեանը սրա համար է ասել — տարօրինակ
բայց իրաւ:

— Ծառուկեանը, այս ՅովհաննԷսին մասին խոստացած
է վէպ գրել։

Լոյս տեսաւ Սայեաթ Նովայի մասին Պարոյրին
հեղինակած գիրքը: Կարելի է ըսել մեր մեծ աշուղ
բանաստեղծին մասին գրուած ամենէն ամբողջական գիրքն
է ան: Հոն էր, մատենագիտութեանդ օգտագործուած
աղբիւրներու ցանկին մէջ, Նիկոլ Աղբալեանին անունը,
որ թէեւ ի վերուստ կոչուած էր դառնալու հայ գրականութեան
խոշորագոյն գիտնականներէն մէկը, սակայն
տարագիրի իր վիճակը եւ կանխահաս մահը — 1947 Շթորա,
Լիբանան - թոյլ չտուին որ փայլէր անոր տաղանդը
իր ամբողջ շքեղութեամբ՝ գրականագիտական — քննադատական
կալուածին մէջ։