Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/85

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ահա՛ հաւանուած ենք Պարոյրենց տունը։

Ներկաներուն մէջ կան ճարտարապետ, երգչուհի,
նկարիչ, գիտնական, բժիշկ: Խայտաբղէտ, մեր երկրին
նկարը ամբողջացնող խումբ մը։ Բոլորն ալ Պարոյրէն
անձին ու գրականութեան երկրպագուները։

Գրողը նոյնինքն մարդն է, ըսած՝ են։ Այս խօսքն ու
իրականութիւնը միշտ չէ որ երկաթուղային գիծերու նման
զուգընթաց կընթանան։ Բայց այդ խօսքը, կարծէք
ամենէն աւելի ստեղծուած՝ էր Պարոյրին համար։ Գրող ու
մարդ այնքան մերուած են, ընդելուզուած որ չես գիտեր,
մարդը աւելի սիրես, թէ գրողը. գրողը, թէ մարդը։

Պարոյրը, այդ իրիկուն, իր տունն Էր հրաւիրած