Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/98

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Միայն անտեղի չէ, այլեւ անհրաժեշտութիւն: Մեր ժողովուրդը
իր սիրած հերոսներուն գերեզմանները միշտ
վերածած Է ուխտատեղիի:

Ուխտատեղի մը աւելի, ատիկա մեր օգտին Է անպայման:

1976 թուականին, երբ տասն օրով Երեւան կը գտնուէի
ել առաջին օրէն իրեն՝ Պրոֆ. Հասրաթեանին չէի
հանդիպած, նեղուած էր ինձմէ...

Աբովեանով, դանդաղօրէն, իր մօտ կերթայի վերյիեշելով
այս փողոցին անուան կապուած պատմութիւններ:
Որոշ բաներ կը յիշէի Աճառեանի մասին պատմուածներէն:
Իր օրերուն այս փողոցը կոչուած է Աստաֆեան։ Նոյն
փողոցին վրայ գտնուած է ճաշարան մը, ուր խոհարարը
եղած է հայրենադարձ պոլսեցի մը: Ու քանի որ Աճառեանը
պոլսեցի էր, երբեմն, եռամեծար այս պոլսահայուն համար
պոլսեցի խոհարարը կը պատրաստէր պոլսական ճաշեր։

Այս փողոցին վրայ, ծաղիկներ վաճառած է Չարենցի
սիրած՝ գինով Ղարաբալան: Ես հասայ Ղարաբալային:
1963-ին, զինք ամէն օր կը տեսնէի Աբովեանի
վրայ։ Դարձեալ ծաղիկներ կը վաճառէր, յատկապէս
մեխակ, փոքր կողովի մը մէջ շարուած է Սպիտակ,
փոքր մօրուք մը ունէր: Աւելի ճիշդը չածիլուած գէմք
մըն էր իրը։ Կը հաւաքուէինք իր շուրջ քանի մը ուսանողներով,
ու մէկական մեխակ գնելէ ետք հարց կու տայինք.

— Ղարաբալա, ինչպիսի՞ մարդ էր Չարենցը։

— Չարենցը, ուրիշ մարդ էր: Ղոչախ մարգ էր:
էս աշխարհում, Չարենցը ինձ նման, սիրում էր երեք բան
— կին, խմիչք, ծաղիկ։

— Հիմիէլ, այդ երեքը սիրո՞ւմ ես, Ղարաբալա:

— Բա՜, ոնց, մի հոտ քաշէր, խմել եմ, էս էլ ծաղիկները,
իսկ կանա՞նց, ո՞ւր ուզում ես կարաս հանդիպես,
հրե՜ս, Աստաֆեանը լիքն է կնանիքով...

Ղարաբալային համար Աբովեանը Աստաֆեան մընացած
էր: