Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/449

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

իր մէջքին, եւ ոչ հօր սաղաւարտը գլխուն դնելու համար՝ մէջը քառսուն լիտր բամպակ լեցնելու կարիք կ՚ունենայ, ոչ ալ թուր կայծակը քաշ կուտայ գետինը, քանի որ աճած կ՝ըլլայ իր հասակը: Կը փոխուին եւ իր մտայնութիւնն ու ճաշակը, որ կը մնան հայկական եւ ազգային, բայց յարմարած իր բարձր կացութեան:

Այս՚ է Սասունցի Դաւթի գրական արժէքը. անոր նայելով, գրականութիւնը պէտք է ռամկանայ՝ հայանալու համար, եւ հայանայ՝ բարձրանալու համար:

ԱԶԴԱՐԱՐ, Բ. Տարի (1943) թիւ 59