Էջ:Դասախօսութիւններ Աւստրալիոյ մէջ 2004 - 2005, Թորոս Թորանեան.djvu/9

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

երկու լեզուեերով...

     Արդարեւ որքան դաժան է տեսարանը երբ հայը ապաս¬

տան կը փնտռէ ամենահեռաւոր ափերու վրայ, երբ հոն է Հայրենիքը Արարատի փէշերուն։

    Քննադատութեան հարց մը չէ մեր բարձրացուցածը, չենք

եկած այս հեռուները յանցսւորներ գտնելու համար, երեւոյթ մը կայ, շօշափելի երեւոյթ մը՝ այդ մասին է մեր խօսքը։

     Համօ Սահեան բանաստեղծը ըսած է.– Հայաստանի բոլոր

գետերը օտար հողեր կը ջրեն։ Ու այս խօսքը լոկ աշխարհա¬ գրական հասկացողութիւն չէ, որ ճիշդ է։Ճիշդ է նաեւ բոլոր այն հայերուն համար որոնք օտար երկինքներու տակ կ՚ապրին։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը գետակ մը չէ՞, ու մենք ո՞ր երկիրներու հողերը կը ջրենք. Մենք բոլորս, ամբողջ Սփիւռքը։

    Երեւոյթ մը ահա՛, որ լալու չափ կը յուզէ մեզ։
    Բայց Սփիւռքի հայը, մեր խօսքը իրա ՛ւ հայերու մասին է։

Հայրենիքի մէջ չկարենալ հաստատուելու երեւոյթէն վրէժ առնե¬ լու հնարաւորութիւն ունի, երբ գործի վերածէ այդ առիթը։

    Իսկ ո րն է այդ միջոցը.– երբ օտարութեան մէջ ապրող ամէն

հայ դառնայ իր ժողովուրդին դեսպանը իր ապրած օրինակելի կեանքով օտարներու ներկայանայ որպէս բարձր մշակոյթ ունե¬ ցող ազգի զաւակ։

      ՈՒ կարենալ իրագործելու համար այդ եռիցս օգտակար

գործը, ամէն հայ իր զարկերակով կապուած պէտք է ըլլայ Հայ¬ րենիքին եւ անոր իրագործումսերը տարածէ իր շրջապատի օտարներուն։

    Մենք բոլորս ալ գիտենք, որ մուրացիկին լոկ կտոր մը չոր

հաց կու տան։

     Մենք օտարներուն պէտք չէ ներկայանանք որպէս բախ¬

տախնդիր մուրիկ։ Ներկայանալու ենք մեր արժանիքներով ու մեր արժէքներով։

      Ահա թէ ինչու այսօր, հոս, Սիտնիի համալսարանական

սրահին մէջ եւ հեռուն Մելպուրնի մէջ եւ ամբողջ Սփիւռքի տա¬ րածքին հաւաքուած ենք Ապրիլ24-ի օրով, վերանորոգելու համար մեր յաևձնառուի երդումը, մեր պահանջատիրութեաև երդումը, միաժամանակ պանծացնելով մեր կռուիլ գիտցող ֆէտայիները։

    Ապրիլի 24-ը երդման արարողութեան օր է։
    Բեմախօսներ մերթ կ՚ըսեն թէ այլեւս Ապրիլի 24-ը սուգի

օր չէ մեզի համար։Հապա ի՞նչ է, երբ այս հողերուն վրայ իսկ

9