Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/100

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բավարոթթին լսենք, կիսէ Հայկ։

Մենք երեքով Բավարոթթի կը լսենք։ Ուրախ արիա մըն է մեր լսածը, բայց երեքս ալ անսովոր տխուր ենք: երդի թեւերով կերեւի ճամբորդեցինք երկու տարբեր ուդղութիւններով...

Տորոթին Վարշաւիա... Մենք երեւան:

Պոսթըն, 1984

Բեզմէ փոխ առնելով, անունդ Սասիս դրինք Աւետիս: Բու մասիդ կը գրեմ երբ ալ չկաս: Վեր2ին ան գամ մենք հան դիպեցանք խրախճանքի սեղանի մը շուրջ, երբ հիմնա ծ թեր թիդ «Աշխարհ »ին քսանհինգամեակը կր նշուէր Փարիզ։

Հայրենիքէն եկած էր Վահագն Դաւթեանը երկրին խօսքը ըսելու, քսանհինգ տարեկան «Աշխարհ»իդ մասին: Ո°վ կարդալ սիրտը գիտէ, կիսէ Թէքէեանր։ Ով կրնայ խորաչափել այդ քսանհինգ տարիներու աշխատանքդ, տառապանքդ, հիւծումդ վասն հայ մամուլին:

Բայց քու նուիրումդ միայն քսանհիմնդ տարեկան էր։ Ո*չ, յիսուն տարեկան էր։ Դուն, նոյնքան մըն ալ աշխատած էիր Իսթանպուլի մէջ... եւ, ինչպիսխպայմաններու տակ։

Իսկական ֆետայի մըն էիր, Վանայ մէջ ծնելու փոխարէն, դուն աշ­խարհ եկար Պոլիս, որ դարձաւ Իսթանպուլ ու եթէ պահ մր, մենք կարծենք թէ Պոլփսր հայոց մայրաքաղաքն է, ի վերջոյ հասկցանք թէ գիւղ, քադաք ու մայրաքաղաք կրնանք ունենալ միայն հայրենի հոգին վրայ։

Ինչ ուրախ էիր «Աշխարհ» թեր թի քսանհինգամեակի տօնակատա­րութեան այդ իրիկունը։ երեկոյին ներկայ էր Հայաստանի անկրկնելի կոմիտասեան քառեակը։ Հոն էր հայրենիքէն եկած մեծ երգահան Ղա­զարոս Աարեանր, հոն էր Շահէ Խաչատուրեանր, որ բերած էր Աարեանի գոյներր Փարիզ։

Դառզուները նստած էին դիմացդ։ «Յառաջ»ի պաշտօնակիցդ ալ հոն էր Արփիկ Միսաքեանը։

Ոտքի ելար ու ըսիր՝ Ես թշնամիներ չունիմ։ Մամուլը ստեղծուած է միութիւն սերմանելու։ Ահա տեսէք մէկ սեղանի շուրջ ենք հակառակորդ մ ամուլի խմբագիր Տիկին Միսաքեանն ու ես։ Զենք կռուիր։ Իրարու մօտ կր նստինք։ Բայց ես, քսանհինգ տարիէ ի վեր կաշխատիմ զինք փոխել որոշ հարցերու մէջ ու ինք չի փոխուիր, ի^նչ ընեմ։

Բոլորս ալ խնդացինք։

Խօսք տուիր նաեւ ինծի. այդ անակնկալ մըն էր։ ես թեր թիդ աշխա–