Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/102

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գրագէտ մը ան կասկած։ Խոհարար մը սքանչելի։ Լաւ զրուցակից մը տարակոյսէ վեր։ Մեծ վիրաւոր մը այոՀ:

Վիրաւոր իր հայութեամբ: Իր ծնունդով։ Պատճառը՝ թուրքը։

Առաջին անգամ իրեն հանդիպեցայ Փարիզի մէջ։ Ինչպէս յաճախ կքըԱար, Թօփալեանի տպարանին մէջ։

Երեքով գացինք մօտիկ սրճարան մը, ուր մեր ջաղացք բերանները հայ տառապանքը պիտի աղային ու այդ աղունը պիտի դառնար հա­նապազօր հաց։

Բիչ մը խմեցինք։ Բիչ մը տաքցան մեր գլուխները ու քանի ես այս փոքր խումբին կրտսերագոյնն էի, ուրեմն առաւել համարձակ րսի.– Փօլատեան, լաւ բան մը չըրիր գթելով «Արեւելքի Տղաքը»։

Ինչո^ւ, ըսաւ գրագէտը։

Որովհետեւ, ըսի, հիմա, սերունդ մը ունինք, քիչ մը ամէն տեղ, որ պատրաստ է ղէնք բարձրացնելու, պատրաստ է ամէն խենթութիւն ընելու հայ դատին համար։ Խօսքերէ կշտացած է նոր սերունդը, գործ կ*ուզէ, ափերը կը քերուին։ Ու քու ըսածներդ, այդ վէպին մէջ, կրնայ գործադրել, այսինքն, օտար նաւեր ըեկղմիլ Մարսիլիոյ մէջ կամ այլուր, որպէսզի աշ­խարհի ուշադրութիւնը հրաւիրէ հայ դատին վրայ։

Ել դուն ատկէ դժգոհ պիտի ըլլալս, յարեց գրագէտը։

Բիւզ անդ Թօփալեանը լ ուռ, կը ծխէր ու կը թարթէր աչքերը աչքերուն դէմ պատնէշ դարձած հաստ ապակիներուն ետեւէն։

Մտածումի առաջնորդող հարց է, ըսի։

Հիմա, մէկ քանի տարի ետք մեր այդ օրուան խօսակցութենէն, երբ դէպքերը եկան հաստատելու ըսածներս, ոմանք հայկական գաղտնի բանակներու նախակարապետը կը նկատեն Եանըգեանը։

Ո*չ, կիսեմ ես, կարապետ Փօլատեանն է իր «Արեւելքի Տղաքը» վէպով։ Փօլատեանը այդ փամփուշտը արձակած էր տասնամեակնեւր առաջ։ Գատապարտե^լ զիեքը։ Ոչ անշուշտ։ Գովե^լ պինքը։ Նոյնպէսա ոչ։ Պարղապէս պատմութեան համար արձանագրել, թէ այս շարժումին նախակարապետը կարապետ Փօլատեանն էր։

Մեր երկրորդ հանդիպումը Մարսիլիոյ մէջ եղաւ։

Տուած էր իր հասցէն, հեռախօսի թիւր: Թաքսին կանգնեցաւ իր տուած թիւր կրոր տունին առջեւ։ Հնչեցուցի ղանգը։ Մարդ մը բացաւ դուռը եւ ըսաւ.– Ի՜°նչ կքուղէք։ Ըսի, գրող Փօլատեանը։ Հոս չէ, ըսելն ու դուռը երեսիս փակելը մէկ եղաւ։