Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/103

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Դրան ճեղքէն պոռացի, շնորհակալութիւն, պարոն, եթէ դուք իմ տանս դուռը զարնէք օր մր, ես նոյնը չեմըներ ձեզի։

Պարոնը, դրան ետեւէն խեդդուկ ձայնով մր ըսաւ,– Եսկ դուք ո**վ կ քըԱաք։

- էյս Թորանեան Թորոսն եմ։

Դուռը լայնօրէն քացուեցաւ ներողութեան հազար խօսքերով: Ե^նչ կիսէք, դուք «Նայիրի»ի մէջ գրող Թորո^սն էք, հազար ներողութիւն, հագար ներողութիւ ն։ ես Հրաչեանն եմ։ Փօլատեանին աներձագը։ Եկէք, խնդրեմ, եկէք, ներս հրամեցէք, հազար ներողութիւն ըրածիս համար։

՝ք^իչ ետք եկաւ Փօլատեանը։ Հրաչեանր ինք պատմեց եղածին մասին, միշտ չմոռնալով հազար ներողութիւնը։

Առաջին անգամ կը տեսնէի, որ յօդուածագիրի մը հանդէպ այդքան յարգանքով կրնային վարուիլ մարդիկ։ Ս, Մեսրոպ, որքան շնորհակալ էի քեզմէ։

Փօլատեանը, որպէս վարպետ խոհարար լծուեցաւ գործի։ Սքանչելի ճաշեր պատրաստեր։ Հրաւիրեց Արծրուն Ջրբաշեանն ու տիկինը, հրա­ւիրեց Պետրոս Զարոյեանն ու տիկինը, Հրաչեանն եր ու տունին մէջ էր Տիկին Արմենուհին, մէկը, որ տասնամեակներ ով հայերէն լեզու դասա­ւանդած էր ֆրանսահայ մանուկներու։

երկու լրիւ օր Փօլատեանին հետ էի։ Դրագէտը խօսեցաւ տարագրութենէն, Հապեշիստանէն, ֆրանսահայ գրողներէ, խօսեցաւ Լխք Անտրէ Մարսէյլի ել Եայէ Տր Սիւտ ամսագիրի շրջանակի գրողներու մասին։ Նաեւ իր ծրագիրներէն։ Ափսոս, որ այդ օրերուն դրի չառի իր ըսածները։

Հալէպ եկած էր Փօլատեան տարիներ ետք, դասախօսութիւններու շարքի մը համար։ Նոյն օրը Փարիգ պիտի մեկնէի։ Ուստի գացի առաջնորդարան, իր ներողամտութիւնը խնդրեցի պարտագիր բացակայութեանս համար։

Ոան չես կորսնցներ, ըսաւ։ Միշտ ալ կորուստ մը կայ, երբ բարե­կամներ չլսեն զիրար, եղաւ պատասխանս։

Խօսեցանք մենակեաց բանաստեղծ Յարութ էոստանդեանի նոր դիրքԻն մասին, Դանիէլ Վարուժանի գործին ֆրանսերէն հրատարակութեան մասին, գործեր, որոնք լոյսին եկած էին առաւելաբար իր ճիգերովը։

Անհանդարտ մարդ է Փօլատեան: Եր մասին չի մտածեր։ Եր մտահոգութիւններու ծիրն ու շրջանակը Հայաստանով կը սկսի եւ հայութեամբ կը վերջանայ։

Ուրախանալիք թաներ չկա^ն, Փօլատեան, կիսեմ, հայութեան ու Հայաստանի մէջ։

Անշուշտ կան, կիսէ, մեր երկիրը մեզ ուրախացնելիք շատ գործեր ունի. մեր ժողովուրդը նոյնպէս, անիկա ներս ըԱայ թէ դուրս, բայց մեզ