Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/106

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նկարներուն մէջ ժպտուն է։ Տեսայ զէնքը Նիւ ճըրզիի իր բնակարանին մէջ: Տունը ամերիկեան էր։ Կահ կարասիները, ներքին ձեւաւորումը նոյնպէս ամերիկեան: Կինը հայ էր, բույր կէս մը ամերիկացիի երեւոյթ ունէր։

Տունէն ներս լրիւ հայ մը կար։ Յակոբ Ասատուրեանը։

Աղջկանս Անիին հետ Ասատուրեաններուն մօտ էինք այդ օր։ Աղ­ջիկս յիշեցիէ որովհետեւ յանկարծ Անիին հրճուանքի ձայները հասան ականջիս։ Ի^նչ պատահած էր։

Յակոբ Ասատուրեանին տունը ձառերու հովանին կը վայելէր. յան­կարծ, ձառերէն երկու սկիւռ կֆջնեն վար եւ ուղիդ կու գան ներս։ Ծաւլին բնակիչները ընտելացած են. ահա աղջկանս հրճուանքին առիթը։ Ենք, ՀալԷպի մէջ, անշուշտ նոյնպէս ես, սկիւռ էենք տեսած։

Կր տեսնելս աղջիկս, կիսեմ Ասատուրեանները անտառի բնակիչ­ներն ալ ընտանի կր դարձնեն։

Յանի որ տունով սկսանք, շարունակենք։ Լուսաւոր տուն է, փոքր, լուսաւոր բացատի մը կը նայի, որ եզերուած է ձառերով։ Սկիւռներու վազվզուք եւ թռչուններու վաղաժամ համերգ։ Բնութիւնը ըմրոշխնելու սքանչելի առիթ։

Յակոբ Ասատուրեան, կանուխէն սիրած է բնութիւնը, ձայները բնու­թեան, ձայները Կոմիտասի ու մեր ժողովուրդին երդերուն։ Ասոնք բոլորը միանալով իր բնատուր ձայնին, Ասատուրեանը դարձուցած են երգիչ։

Երգիչ Ասատուրեանը, երկիր ձնած Յակոբը ահաւոր մակընթա­ցութեան մը ալիքներու կատարէն ինկած է Ամերիկա ու շշմած։ Այստեղ, Եթկթի^ կարօտը, ու կարօտին տէրը ըալս լու ներքին մդումը զինք դարձուցած են բանաստեղծ։

Պրել։ Երդեր գրել։ Ու երդերէն ետք եր գան ման արձակի անցնիլ։ Այդ թոլոթէե առաջթ փնտռել իրեն պէս մտածող մարզեր, որպէսզի անոնց հետ ձայն բարձրացնէ յանուն ազգապահպանումի։

Խումրը կը կազմուի։ Խումրին նահապետը Բենիամին Նուրիկեանն է։ Հոն են Ալեք Գ/քճեանը, Անդրանիկ Անդրէասեանը, յետոյ կու գայ Աուրէն Մանուէլեանր։ Յակոբ Ասատուրեանը ասոնց հետ է։

Կը ծնի «Նոր հիր»ր։

Յակոբր երգիչ ու գրող է ու այս շարժումին եռան դուն նուիրեալներէն

Ըսի, Ասատուրեանը ժպտուն է նկարներուն մէջ, սիրահար է բնու–